Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցիները Սպառնացած են Պուրկ Լէ Վալանսի Քաղաքապետին եւ Պահանջած Հանել Արցախի Դրօշը

Ատրպէյճանցիները Սպառնացած են Պուրկ Լէ Վալանսի Քաղաքապետին եւ Պահանջած Հանել Արցախի Դրօշը

by MassisPost

Ֆրանսայի Պուրկ լէ Վալանս քաղաքի քաղաքապետը բարկացած է ատրպէյճանցիներու պահուածքէն, ան շատ կոշտ դիտարկումներով հրապարակում ըրած է։

Ֆրանսայի Պուրկ լէ Վալանս քաղաքի քաղաքապետ՝ Մարլէն Մուղիէին, օրեր առաջ խումբ մը ատրպէյճանցիներ ահաբեկած են եւ պահանջած, որ քաղաքէն հանուի Արցախի դրօշը։

«Այս ձեզի համար Ատրպէյճան չէ, եւ դուք չէք որոշեր, թէ ինչ օրէնքներ կամ կարգեր կ’ըլլան այստեղ», ի պատասխան, ֆէսպուքեան իր էջին վրայ բարկացած գրառում ըրած է Մուղիէն, կից հրապարակելով իրենց լուսանկարը, շարք մը դրօշներու առջեւ, որոնց կարգին կը ծածանի նաեւ Արցախի դրօշը։

Նշենք, որ դեռ 2015-ին, Արցախի Շուշի եւ Ֆրանսայի Պուրկ Լէ Վալանս քաղաքներու միջեւ ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր, եւ անոնք դարձած են քոյր քաղաքներ։ Իր գրառման մէջ տիկին քաղաքապետը կը յիշեցնէ, որ հռչակագիրէն ետք Ատրպէյճան զինք ընդգրկած է յայտնի «սեւ ցուցակ»ին մէջ։ Բայց անով չեն բաւարարուած։ Ատրպէյճանի Գերագոյն դատարանը դատապարտած է զինք եւ պահանջած Մարլէն Մուղիէէն չեղեալ համարել բոլոր պայմանաւորուածութիւնները ու դադրիլ յարաբերելէ Արցախի Շուշի քաղաքին հետ։

«Այսօր իմ հասցէին սպառնալիքներ կը հնչեն ոչ միայն ատրպէյճանական բռնապետերուն կողմէ, այլ նաեւ անոնց բարեկամ Թուրքիոյ»,–գրած է քաղաքապետը։

Իսկ օրերս, քաղաքապետարան մտած 3 ատրպէյճանցիներ, որոնք ներկայացած են իբր զբօսաշրջիկներ, պահանջած են քաղաքէն հեռացնել Արցախի դրօշը եւ սպառնալիքներ հնչեցուցած։

«Ոչ ոք կրնայ մեր փոխարէն որոշել, թէ որու հետ յարաբերինք եւ որու հետ՝ ոչ։ Ատրպէյճանը, Ալիեւն ու իր դաշնակիցները պէտք է հասկնան, որ բարեկամները մենք ենք, որ կ’ընտրենք»,– իր գրառման մէջ նշած է քաղաքապետը։

Մարլէն Մուղիէն նաեւ նշած է, որ Ֆրանսայի Պուրկ լէ Վալանսի մէջ Արցախի դրօշը բարձրացնելը բարեկամութեան խորհրդանիշն է ժողովուրդի մը հետ, որուն Ատրպէյճանը ամէն օր կը սպառնայ ոչնչացնել, ամբողջ աշխարհին ապացուցելով, որ իր միակ նպատակն է աւարտին հասցնել 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը, որու երէկուայ կատարողները այսօր իրենց դաշնակիցներն են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment