Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Հետ Կապուած Հայաստանի Մէջ Իրավիճակը Կրկին Սրուած է

«Քորոնա» Ժահրի Հետ Կապուած Հայաստանի Մէջ Իրավիճակը Կրկին Սրուած է

by MassisPost

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած Հայաստանի մէջ իրավիճակը կրկին սրուած է. Սեպտեմբեր 24-ի կառավարութեան նիստը նման յայտարարութեամբ բացաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Ան ընդգծեց, որ իշխանութիւններու դիրքորոշումը նոյնն է՝ պէտք է ապրիլ «Քորոնա» ժահրի հետ զուգահեռ, շատ բան կախուած է իւրաքանչիւրի պատասխանատուութենէն, բայց միաժամանակ պէտք է խստօրէն կիրառուին վարչական մեթոտները. – «Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած մենք կրկին իրավիճակի սրում ունենք` երէկ ունեցել ենք 374 նոր դէպք՝ 3913 հետազօտութիւնից: Ինչի՞ հետ է կապուած: Սա, ի հարկէ, կապուած է մարդկանց շարժունակութեան աւելացման հետ»:

Եթէ դիտարկենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հետազօտուած անձերու քանի տոկոսին մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, ապա կը տեսնենք, որ Յունիսէն յետոյ այդ թիւը շարունակ կը նուազի։ Մարտ 1-ին Հայաստանի մէջ գրանցուեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման առաջին դէպքը, եւ Մարտ ամսուայ ընթացքին, հետազօտուծաներուն ընդհանուր թիւի նկատմամբ վարակուածներու տոկոսային յարաբերակցութեան միջին օրական թիւը կազմած է 18,2 տոկոս, Ապրիլին՝ 9 տոկոս, Մայիսին՝ 19,5 տոկոս, Յունիսին՝ 30,2 տոկոս, Յուլիսէն այդ թիւը սկսաւ նուազիլ՝ 24,5 տոկոս, Օգոստոսի թիւն է՝ 12 տոկոս, իսկ Սեպտեմբերի 23 օրերուն այդ թիւը կազմած է 6,9 տոկոս։

Բայց ինչո՞ւ անհանգստացած են իշխանութիւնները: Որովհետեւ եթէ դիտարկենք օրերով, ապա կը տեսնենք, որ եթէ Սեպտեմբերի առաջին կիսուն հետազօտուածներու ընդհանուր թիւին նկատմամբ վարակուածներու տոկոսային յարաբերակցութեան թիւը շարունակ կը նուազէր, եւ օրինակ Սեպտեմբեր 13-ին այն կազմեց ընդամէնը 4 տոկոս՝ ամենացած ցուցանիշը, ինչ Հայաստանի մէջ կ’արձանագրուին «Քորոնա» ժահրի դէպքերը, ապա հասնելով այդ ամենացած կէտին՝ թիւը սկսաւ աճիլ, եւ նախորդ երկու օրերուն՝ Սեպտեմբեր 22-ին ու 23-ին ան կազմեց, համապատասխանաբար, 9,3 տոկոս ու 9,5 տոկոս։

«Մենք պէտք է հասկանանք, որ ունենք կարմիր գծեր՝ կարմիր գիծն այն է, երբ մեր հիւանդանոցային կարողութիւնները կը սպառուեն: Այդ ժամանակ պէտք է փորձենք այլ որոշումներ կայացնել: Ի հարկէ, Յուլիսին մենք ծաւալել էինք հիւանդանոցային շատ մեծ կարողութիւններ: Հիմա այդ կարողութիւնների մեծ մասն արդէն վերադարձել են իրենց նախկին բնականոն վիճակին, բայց նաեւ պատրաստ են ցանկացած պահի ետ վերադառնալ «Քորոնա» ժահրի սպասարկմանը», – նշեց վարչապետը:

Դիմելով Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեանին՝ Նիկոլ Փաշինեան հարցուց, թէ արդեօք այս պահու դրութեամբ հիւանդանոցային լրացուցիչ կարողութիւններու ծաւալման կարիք կայ։

Թորոսեան ըսաւ. – «Այս պահու դրութեամբ մենք ունինք մօտաւորապէս ծաւալած 1230 սովորական եւ 170 վերակենդանացման մահճակալ, որոնց մօտաւորապէս 30 տոկոսը դեռեւս մնում է ազատ, այսինքն՝ ազատ մահճակալներ շատ կան: Ընդհանրապէս մօտ 20 բժշկական հաստատութիւններից այս պահին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ զբաղուում է միայն դրա համար նախատեսուած 5 հիւանդանոց եւ եւս 3-ը նեղ մասնագիտացուած՝ շատ փոքր թուերով, երեխաների, նորածինների եւ յղիների համար: Սակայն, ինչպէս Դուք նշեցիք, այո, եւ, ի սկզբանէ էր այդպէս նախագծուած, ցանկացած պահի կամ 1-2 օրուայ մէջ, երբ իրավիճակը կրկին կտրուկ կը սրուի, մենք կարող ենք ամբողջ  միջոցը, որը ցանկանում եմ յիշեցնել՝ մօտաւորապէս 2700-2800 սովորական մահճակալ էր եւ 300 վերակենդանացման, նորից կարող է գործի անցնել»:

Առողջապահութեան նախարարի խօսքով, դպրոցներու վերաբացումը բարձրացուցած է «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը. – «Մենք դեռեւս չենք պայմանաւորում դպրոցներով, դեռեւս, որովհետեւ դպրոցները բացուել են 10 օր առաջ: Բայց եթէ մօտակայ մէկ շաբաթուայ մէջ կտրուկ, սրանից էլ աւելի աճ լինի, արդէն կապելու ենք դպրոցների հետ, եւ խօսքը միայն դպրոցի ներսում եղած փոխանցման մասին չէ: Դպրոցները եւ ուսումնական հաստատութիւնները մեր բնակչութեան զանգուածային շարժունակութիւնն ապահովող ամենամեծ գործօններից են՝ աշխատանք եւ ուսում, ինչը փաստացի չկար երկար ժամանակ, եւ դա մենք աւելացրել ենք՝ ի հարկէ, գնահատելով վտանգները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment