Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փասատենաի Հայկական Ճեմարանը Տօնեց Հայաստանի Անկախութեան 29րդ Տարեդարձը

Փասատենաի Հայկական Ճեմարանը Տօնեց Հայաստանի Անկախութեան 29րդ Տարեդարձը

by MassisPost

21 Սեպտեմբեր 2020, Երկուշաբթի օր, Փասատենա քաղաքի Պլեռ հանրային վարժարանի նորաբաց Հայկական ճեմարանի աշակերտները տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29րդ տարեդարձը:

Տօնական այս առիթով հայկական ճեմարանի աշակերտները կազմակերպեցին յատուկ յայտագիր մը: Յայտագիրը կատարուեցաւ առցանց:

Բացման խօսքերը կատարեցին ճեմարանի ուսուցիչներ՝ Նորայր Տատուրեանը եւ Ճենի Եսայեանը: Ապա, աշակերտները կատարեցին երգեր, արտասանութիւններ, սրտի խօսքեր: 9րդ կարգէն Էլեն Վարդանեանը եւ 11րդ կարգէն Այրին Ֆրիասը ներկայացուցին Հայաստանի վերանկախացման պատմական հանգամանքները: Անոնք տուին նաեւ հանրապետութեան մասին վիճակագրական բազմաթիւ եւ հետաքրքրական տուեալներ: Անկախ հանրապետութեան մը խորհրդանշանները ներկայացուց Է. Վարդանեանը, իսկ Ա. Ֆրիասը մանրամասնօրէն նկարագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը: 8րդ կարգէն Աննա Պապիկեանը արտասանեց Միքայէլ նալպանդեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութենէ հատուածներ, 12րդ կարգէն Դաւիթ Աբիկեանը երգեց «Արարատն Առաջ» (Արդեօք ովքեր են) եւ «Մենք Քաջ Տոհմի Զաւակներն ենք» երգերը, 10րդ կարգէն Սերժ Պոյաճեանը եւ 11րդ կարգէն Պրէնտըն Քալանը տուին հայրենասիրութեան եւ անկախութեան բարձր գաղափարներուն նուիրուած խօսքեր:

blaire-2

Խօսք առաւ նաեւ 12րդ կարգի աշակերտուհի Լիա Մախուլեանը, որ ամիս մը առաջ Հայաստանէն Պլեռ վարժարան եկած է աշակերտներու փոխանակման յատուկ IB ծրագրով: Ան Ճեմարանի միակ աշակերտն է, որ ծնած ու հասակ նետած է անկախացած Հայաստանի մէջ: Լիա Մախուլեանը իր յուզիչ խօսքին մէջ իր դասընկերներուն բացատրեց, թէ ինչպէս է կեանքը անկախ Հայաստանի մէջ: Ան անկախութիւնը համեմատեց ազատ շնչառութեան հետ: Աշակերտները դիտեցին նաեւ Հայաստանի անկախութեան առիթով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ կատարուած զինուորական տողանցքէն ներշնչող տեսարաններ, ինչպէս՝ «Հրացաններու պարը»: Տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը, որու համար աշակերտները Արարատի ուրուագիծը յիշեցնող տեսարաններ լուսանկարած էին իրենց անմիջական շրջապատէն: Ցուցահանդէսը անուանուած էր՝ «Արարատը ամէն տեղ է»: Հայաստանի քայլերգի կատարումով սկսած այս յայտագիրը վերջացաւ Տէրունական աղօթքով:

Վարժարանի երկու ուցուցիչները հանրային վարժարանի մէջ սկսած են հայեցի դաստիարակութիւն տալ, թէ’ հայորդիներուն, եւ թէ’ այն օտար աշակերտներուն, որոնք կը փափաքին հայոց լեզուին եւ մշակոյթին ծանօթանալ:

Հայկական ճեմարանի աշակերտները Հայաստանի հանրապետութեան կը մաղթեն յաւերժ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում, «Ծնունդդ շնորհաւոր, Հայաստան»:

Հաղորդագրութիւն՝ Պլեռ վարժարանի Հայկական ճեմարանէն

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment