Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Տեղի Ունեցաւ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Կառոյցներու Ընդլայնուած Հաւաքը

Տեղի Ունեցաւ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Կառոյցներու Ընդլայնուած Հաւաքը

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի Սեպտեմբեր 17-ին, 2020, Կուսակցութեան Փասատինայի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ շրջանի կուսակցական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ մեր հովանաւորութեան տակ գործող կառոյցներու՝ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան, Հայ Մարմնամարզական Միութեան, «Կայծ» Երիտասարդական Միութեան եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի հերթական հաւաքը:

Սոյն խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Վազգէն Խոտանեան համապարփակ զեկուցումով հանդէս գալով, մասնաւորաբար անդրադարձաւ «քորոնա» ժահրի պատճառով յառաջացած համընդհանուր ճգնաժամային վիճակին պատճառաւ աշխատանքային պայմաններու փոփոխութեան եւ անոնց յարմարուելու կարեւորութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել միաւորներու գործունէութիւնը տարբեր բնագաւառներէն ներս:

Անդրադարձ եղաւ համավարակի սկզբնական շրջանին մեր օրկանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոնց պատճառաւ թերթի ցրւումը կատարուեցաւ էլեկտրոնային փոստով: Այժմ, յաղթահարելէ ետք այդ դժուարութիւնները «Մասիս» վերսկսաւ հրատարակուիլ տպագիր ձեւով:

Համաճարակի տագնապալի այս օրերուն ամենէն ծանր պարտականութիւնը ինկած էր Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան ուսերուն եւ ան, ոչ միայն շարունակեց կրթանպաստ հայթայթել ուսումնատենչ հայ ուսանողին, այլ շտապ օգնութեան ձեւով, ուտեստեղէն սկսաւ բաշխել գործազուրկ եւ կարիքաւոր հայ եւ օտար ընտանիքներուն, եւ արիւնարշաւներ կազմակերպեց՝ Ամերիկեան Կարմի Խաչին հետ համագործակցաբար: ՀԿԲՄ օգնութեան ձեռք երկարեց նաեւ Պէյրութի Օգոստոս 4-ի պայթիւնի աղէտեալներուն, իսկ վերջերս բժշկական սարքաւորումներ առաքեց նաեւ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան:

Ժողովին մասնակից միաւորներու ներկայացուցիչները հանդէս եկան իրենց աշխատանքային զեկոյցներով եւ հետագայ ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններով:

Կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներու մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղաւ Միացեալ Նահանգներու ներքաղաքական իրավիճակին եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու կարեւորութեան մասին:

Միաւորներուն տրուեցան յանձնարարականներ՝ աւելի մօտէն շփուելու իրենց անդամներուն, համակիրներուն եւ շրջանի Հայութեան հետ ընդհանրապէս:
ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment