Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան. Ինքնորոշման Իրաւունքի Մերժումը Խորապէս Կը Հակասէր ՄԱԿ-Ի Հիմնարար Արժէքներուն

Նիկոլ Փաշինեան. Ինքնորոշման Իրաւունքի Մերժումը Խորապէս Կը Հակասէր ՄԱԿ-Ի Հիմնարար Արժէքներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան 75-րդ տարեդարձին հանդէս եկած է ելոյթով, որու տեսանիւթը ինչպէս միւս երկիրներու առաջնորդներունը, հրապարակուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքով եւ Յութուպեան ալիքով:

ՄԱԿ-ի 75-րդ տարեդարձը կը նշուի մարդկութեան համար շատ առումներով դժուար ժամանակներուն, ինչ որ իր ազդեցութիւնը կը ձգէ միջազգային յարաբերութիւններու եւ այն ընդհանուր ինսթիթութներու գործունէութեան վրայ, որոնք կ’ուղղորդեն միջազգային համագործակցութիւնը՝ հիմքեր ստեղծելով ընդհանուր նպատակներու կատարման համար: Այս մասին յայտարարած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի 75-րդ տարեդարձին նուիրուած ելոյթի ընթացքին, որու տեսանիւթը, ինչպէս միւս երկիրներու առաջնորդներունը, հրապարակուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքով եւ յութուպեան ալիքով:

«Պետութիւնների ինքնիշխանութիւնը, անկախ դրանց չափից եւ հզօրութիւնից, աւելի լաւ է պահպանուում, եւ ազգային շահերն աւելի լաւ են սպասարկուում ներկայիս համակարգում, երբ կայ յարգանք միջազգային իրաւունքի, այդ թուում՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նկատմամբ», – շեշտած է Փաշինեան:

«Միաւորուած ազգերի կազմակերպութիւնը կոչուած է փարատելու միջազգային յարաբերութիւններում մշտապէս առկայ երկուութիւնը, որն արտայայտուում է պետութիւնների բնական եսասիրութեան եւ համագործակցութեան հաւասարապէս բնական անհրաժեշտութեան մէջ:

Միաւորուած ազգերի կազմակերպութիւնն ապացուցեց իր կենսունակութիւնը` այս երկու թուացեալ անհամատեղելի հասկացութիւնները փոխակերպելով ինքնիշխան պետութիւնների արդիւնաւէտ համաշխարհային համակարգի` միաւորելով դրանք ընդհանուր արժէքներով եւ սկզբունքներով, կիսելով ապագայի ընդհանուր տեսլականը եւ ունենալով համագործակցութեան ընդհանուր ինսթիթութներ կառուցելու վճռականութիւն:

Արդիւնաւէտօրէն իրականացնելով ժողովուրդների ինքնորոշման սկզբունքը՝ ՄԱԿ-ը ծննդեան վկայականներ է տուել կամ օգնել է վերականգնել աւելի քան 100 ազգերի ինքնիշխանութիւնը: Շատ ժողովուրդներ, ինչպէս երբեք մարդկութեան պատմութեան մէջ, հնարաւորութիւն ստացան իրենց մասնակցութիւնը բերել համաշխարհային գործերին եւ իրացնել իրենց զարգացման ներուժը՝ ընթանալով բարգաւաճման ուղով», – յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը:

Ենթադրութիւնը, թէ այդ գործընթացը աւարտած է Սառ պատերազմի աւարտով, միայն պատրանք է, ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան՝ շարունակելով. – «Ինքնորոշման իրաւունքի մերժումը կարող է միմիայն յանգեցնել բռնաճնշման եւ նոր բռնութիւնների: Դա խորապէս կը հակասէր Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեան հիմնարար արժէքներին եւ միջազգային աշխարհակարգի պատմական  եղափոխութեան զարգացման: Վերջին երկու տասնամեակների ընթացքում մի շարք պետութիւնների ի յայտ գալն այդ միտման լաւագոյն վկայութիւնն է»:

«ՄԱԿ-ի համակարգի համար մէկ այլ հիմնարար արժէք է միջազգային յարաբերութիւններում սպառնալիքի կամ ուժի կիրառման արգելումը, որը համաշխարհային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման յենասիւնն է եւ կայուն զարգացման գլխաւոր նախապայմանը», – նաեւ շեշտած է Հայաստանի ղեկավարը:

«Համաշխարհային մարտահրաւէրները երբեմն սասանում են միջազգային համերաշխութեան եւ անհատական շահի միջեւ առկայ հաւասարակշռութիւնը, երկմտութիւն եւ նոյնիսկ հիասթափութիւն են առաջացնում միջազգային հաստատութիւնների նկատմամբ, ինչի մասին են նաեւ վկայում Covid-19 համաճարակով պայմանաւորուած իրավիճակը եւ դրա ծանր ընկերա-տնտեսական հետեւանքները», – նշած է Փաշինեան:

«ՄԱԿ-ը սոսկ իր 193 անդամների հանրագումարը չէ: Այն աւելին է, քան ազգային շահերը ներկայացնելու ընդհանուր հարթակ: Այն նաեւ շրջանակ է ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ձեւաւորելու, միմեանց լսելու եւ իւրաքանչիւրի ձայնին ականջալուր լինելու համար:

ՄԱԿ-ը նաեւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ դրանց կիրառման համընդհանուր գործիք է: Հնարաւոր չէ անվտանգութիւն կառուցել առանց մարդու իրաւունքների նկատմամբ յարգանքի», – ըսած է վարչապետը:

«Այսօր, ինչպէս եւ 75 տարի առաջ, ՄԱԿ-ի հիմնական խնդիրն է ապահովել խաղաղութիւն եւ խթանել համերաշխութիւնն ու համագործակցութիւնը յանուն կայուն զարգացման նպատակների:

Այս դժուար ժամանակներում, աշխարհի չորս ծագերում, այդ թուում՝ մեր տարածաշրջանում, անխոհեմ վերաքննութեան ջատագովները փորձում են օգտուել միջազգային կարգի նշմարուող թուլութիւնից՝ իրական վտանգ ներկայացնելով միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար: Պատմական իրողութիւնների ընկերային ճարտարագիտութիւնը եւ նոյնիսկ այլոց քաղաքակրթական ժառանգութեան իւրացումը դառնում են սովորական երեւոյթ:

Դա եւս մէկ ազդանշան է առ այն, որ մենք պէտք է վերականգնենք արդիւնաւէտ բազմակողմանիութիւնը` միջազգային հանրութեանը տալով հզօր օրինական ողնաշար, որպէսզի այն առաւել դիմացկուն դառնայ համամոլորակային մարտահրաւէրների նկատմամբ», – վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդումով, յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ վերահաստատելով Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ «միանալու միջազգային հանրութեան ջանքերին, որոնք միտուած են աւելի լաւ աշխարհակարգի հաստատմանը՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի, ազատութեան եւ արդարութեան համընդհանուր արժէքների վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment