Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Արցախի Ղեկավարները Եւ Վեհափառը Այցելեցին Եռաբլուր

Հայաստանի Եւ Արցախի Ղեկավարները Եւ Վեհափառը Այցելեցին Եռաբլուր

by MassisPost

Հայաստանի անկախութեան 29-ամեակի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան, Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին, հաղորդած են պաշտօնական աղբիւրները:

Վարչապետը ծաղիկներ դրած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին, հաղորդած է պետութեան ղեկավարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

yeraplur-2

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդումով, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է. – «Երեսուն տարի առաջ մեր ժողովուրդը երազանք ունէր՝ դարերով փայփայած երազանք՝ վերականգնել իր անկախ պետականութիւնը, եւ 29 տարի առաջ այդ երազանքը կատարուեց: Այս ընթացքում ունեցանք ե՛ւ մեծ յաղթանակներ, ե՛ւ դժուարութիւններ, կարծում եմ, բոլոր լաւ եւ վատ դասերը սովորել ենք: Ժամանակն է, որ նորից երազենք, որպէսզի յաջորդ երեսուն տարում կառուցենք աւելի ամուր ու հզօր պետութիւն: Քսանինը տարի առաջ մենք բոլորով հաւատացինք եւ ստացանք այն, ինչ ուզում էինք: Եթէ այսօր էլ հաւատանք, կարգապահ ու կազմակերպուած լինենք, յստակ նպատակ ու ծրագիր ունենանք, ապա կը հասնենք մեր երազանքին»:

sept 21-1

Անկախութեան տօնի առիթով ՀՀ Զինուած ուժերու ռազմաօդային ուժերը տօնական թռիչք կատարած են Երեւանի երկինքը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թռիչքին հետեւած է «Յաղթանակ» զբօսայգիի բարձունքէն։

Վարչապետը նաեւ ծաղիկներ խոնարհած է «Յաղթանակ» զբօսայգիի Անմար կրակին մօտ, ըսուած է պետութեան ղեկավարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment