Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաջիկայ 2 Շաբթուան Ընթացքին Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւի Աճ կը Նախատեսուի

Առաջիկայ 2 Շաբթուան Ընթացքին Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւի Աճ կը Նախատեսուի

by MassisPost

Հայաստանի մէջ անցեալ մէկ շաբթուայ ընթացքին աճած է «Քորոնա» ժահրի վարակելիութեան կամ վերարտադրողականութեան ցուցանիշը:

Ինչպէս «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին պարզաբանեց առողջապահութեան փոխնախարար՝ Լենա Նանուշեանը, եթէ մօտ մէկ շաբաթ առաջ մէկ վարակակիր անձը կը վարակէր մէկէն քիչ մարդ, ապա այժմ արդէն այդ ցուցանիշը աճած է՝ հասնելով 1,02 տոկոսի, այսինքն մէկ վարակուած անձը կրնայ վարակել մէկէն աւելի առողջ մարդիկ։ Իսկ այս կը նշանակէ, որ առաջիկայ 2 շաբթուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ պիտի ունենանք «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու աճ։

«Ճիշդ է յայտնաբերելիութիւնը բարձրացած է, աւելի մեծ քանակով քննութիւններ ենք կարողանում այսօրուայ դրութեամբ անել, բայց միեւնոյն ժամանակ հաշուի առնելով այն ազդակները, որոնք որ ազդում են այդ ցուցանիշի վրայ, դա բնակչութեան շարժողականութիւնը, դպրոցների, կրթական հաստատութիւնների բացումն է, որը նաեւ նպաստելու է բռնկումների առաջացմանը», – ըսաւ Նանուշեան:

Թէ որքանով կ’աճի վարակակիրներու թիւը, Առողջապահութեան նախարարութիւնը կանխատեսնումներ չունի: Փոխնախարարի հաղորդմամբ՝ այդ կախուած է շարք մը գործօններէ, թէ որքան հետազօտութիւններ կը կատարուին, որքանով վարակակիրները կը պահպանեն ինքնամէկուսացման կանոնները, արդեօք քաղաքացիները կը հետեւին հակահամաճարակային կանոններուն եւ որքանով պատշաճ դիմակ կը կրեն։

Լենա Նանուշեանի խօսքով, քանի որ առաջիկային կը սպասուի վարակակիրներու թիւի աճ, ապա շատ կարեւոր է նաեւ դպրոցներուն մէջ կանոններու խստագոյն պահպանումը։

Սեպտեմբեր 15-ին բացուած հանրակրթական դպրոցներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի բռնկումներու վտանգը նուազեցնելու նպատակով, դպրոց առ դպրոց բոլոր ուսուցիչներու հետազօտութիւնը կը շարունակուի, ընդ որում կը հետազօտուին թէ՛ պետական եւ թէ՛ մասնաւոր դպրոցներու ուսուցիչները։ Առողջապահութեան փոխնախարարի խօսքով, եթէ կը ցանկանք, որ երեխաները պատշաճ կրթութիւն ստանան, եւ սորվին անվտանգ միջավայրի մէջ, ապա պէտք է ընդամէնը հետեւիլ սահմանուած հակահամաճարակային կանոններուն, ապահովելով նաեւ երեխաներու կողմէն դիմակներ կրելը։ Նանուշեան կը վստահեցնէ, որ դիմակները վնաս չեն հասցներ երեխաներու առողջութեան։

Կովկասի ինսթիթութի փորձագէտ, «Քորոնա» ժահրի վիճակագրութիւնը ուսումնասիրող՝ Հրանդ Միքայէլեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ այժմ Հայաստանի մէջ օրական միջին հաշուով կ’արաձանգրուի մօտ 200 նոր դէպք։ Ժահրի վերարտադրողականութեան ցուցանիշը 1,4 տոկոս է, եւ եթէ այս ցուցանիշը պահպանուի, ապա մէկ շաբաթէն Հայաստանի մէջ կ’արձանագրուի միջին հաշուով 280, իսկ 2 շաբաթէն արդէն՝ օրական 400 դէպք։

Վերջին մէկ օրուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 239-ով, դրական եղած է կատարուած 3 769 հետազօտութիւններու 6,3 տոկոսը։ Covid-ը յաղթահարած է եւս 138 մարդ, գրանցուած է մահուան 1 նոր դէպք։ Հիւանդը ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս երկու մարդ մահացած է այլ պատճառներով։

Այսպիսով, մինչ օրս Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 46 910 մարդու մօտ, որոնցմէ 42 369-ը արդէն առողջացած է։ Վարակի հետեւանքով մահացած է 926 մարդ, եւս 285-ը մահացած է այլ պատճառներով: Այս պահուն փաստացի կը բուժուի 3330 մարդ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment