Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մարիա Զախարովան Մեկնաբանած Է Լիբանանահայերու` Արցախ Տեղափոխուելու Վերաբերեալ Տուեալները

Մարիա Զախարովան Մեկնաբանած Է Լիբանանահայերու` Արցախ Տեղափոխուելու Վերաբերեալ Տուեալները

by MassisPost

Մոսկուան չունի ստուգուած տուեալներ «լիբանանցի փախստականներու, դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ անոր շրջակայ տարածքը հոսքի վերաբերեալ»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան:

«Մենք լսած ենք Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններու` Լիբանանը լքած հայերուն, վերահսկուող տարածքները բնակեցնելու մտադրութեան մասին: Մենք կարդացած ենք հաղորդումներ այն մասին, որ լիբանանեան երկու ընտանիք ցանկութիւն յայտնած է բնակութիւն հաստատել Ղարաբաղ: Մենք չունինք ստուգուած տուեալներ լիբանանցի փախստականներու հոսքի մասին դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ անոր շրջակայ տարածք»,- նշած է Զախարովան:

Ըստ Զախարովային` Մոսկուան կը հիմնուի ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման ուղղուած բանակցային գործընթացի վերականգնման վրայ կեդրոնանալու անհրաժեշտութեան վրայ, անոր կարգին` փախստականներու եւ տեղահանուած անձերու խնդիրներուն տարածաշրջանին մէջ: Ան յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները Սեպտեմբեր 14-ին հեռախօսային խորհրդակցութիւններ կատարած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ անոնց փոխանցած քայլերը շարունակելու միջնորդներու առաջարկները, անոնց կարգին` նախարարներէն իւրաքանչիւրի հետ առանձին հանդիպումներ կատարելու: «Մենք կ’ակնկալենք կողմերու դրական արձագանգը»,- ըսած է Զախարովան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment