Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Խաչվերացի Պատարագ եւ Ս. Ղեւոնդ Մայր Տաճարի Հիմնադրութեան 10-Ամեակ

Խաչվերացի Պատարագ եւ Ս. Ղեւոնդ Մայր Տաճարի Հիմնադրութեան 10-Ամեակ

by MassisPost

Անցեալ Կիրակի, Սեպտեմբեր 13ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տաղաւար հինգ տօներէն վերջինն է Խաչվերացը: Այս առթիւ Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ս. Խորանին կը սպասարկէին Արժ. Տ. Մանուկ Աւգ. Քհնյ. եւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. հայրերը: Երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ եկեղեցւոյ «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ մաեսթրօ Ռաֆֆի Միքայէլեանի:

Պատարագի կէսին տեղի ունեցաւ աւանդական «Անդաստան» արարողութիւնը, օրհնուելով աշխարհի չորս կողմերը եւ ռեհանը, որպէս բերքի խորհրդանիշ: Իր քարոզին մէջ Յովնան սրբազան անդրադարձաւ Խաչվերացի տօնին եւ խաչի իմաստին ու անոր քրիստոնէական արժէքին իբրեւ խաչեցեալ Քրիստոսի խորհրդանիշ: Սրբազանն առանձնապէս անդրադարձաւ Ս. Ղեւոնդ Մայր տաճարի շինութեան եւ երախտագիտական զգացումներով արտայայտուեցաւ փառապանծ կոթողն իրագործող նուիրեալ անձերուն: Այնուհետեւ մեծանուն նուիրատուներուն անունները կարդաց եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, որուն հետեւեցաւ «Տէր Ողորմեայ» աղօթքը, ի յիշատակ ննջեցեալ բարերարներու:

st ghevont-10-b

Պատարագէն անմիջաէս ետք Յովնան սրբազան կարճ ելոյթ մը ունեցաւ եւ յայտնեց որ որ Մայր Տաճարի 10-ամեակի հրապարակային ձեռնարկները կարելի չեղաւ իրականացնել «քորոնա» համաճարակի առթիւ ստեղծուած արգելքներուն պատճառով: Առ այդ գործադրուեցաւ գեղարուեստկան կոկիկ յայտագիր մը, փակ խորանին առջեւ:

Յաջորդաբար ելոյթներով հանդէս եկան Ս. Ղեւոնդ Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը (հոգեւոր երգեր եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն), ինչպէս նաեւ Լոս Անճելոսի սենեկային նուագախումբը (միջազգային դասական գործերու փունջ մը) ղեկավարութեամբ մաեսթրօ Ռաֆֆի Միքայէլեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment