Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Ատրպէյճանի Սադրանքի Հետեւանքով Պայմանագրային Զինծառայող Զոհուած Է

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Ատրպէյճանի Սադրանքի Հետեւանքով Պայմանագրային Զինծառայող Զոհուած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սադրանքի հետեւանքով պայմանագրային զինծառայող զոհուած է, կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ըստ ՊՆ-ին` վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմը ցուցաբերած է աշխուժութիւն եւ փորձած է ձեռնարկել ամրաշինական աշխատանքներ, նպաստելով առաջնագծի լարուածութեան աճին: «Հակառակորդի աշխուժութիւնը ճնշելու եւ հետագայ սրացումները կանխելու նպատակով ՀՀ Զինուած Ուժերի առաջապահ ստորաբաժանումները ստիպուած են եղել ձեռնարկել համապատասխան գործողութիւններ:

Հակառակորդի հերթական սադրանքի հետեւանքով Սեպտեմբեր 16-ին հիւսիսարեւելեան հատուածում տեղակայուած զօրամասերից մէկի մարտական դիրքում մահացու հրազէնային եւ բեկորային վնասուածքներ է ստացել պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր տասնապետ Յովիկ Նելսոնի Թամազեանը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նոյն աղբիւրի հաղորդմամբ` դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«Ստեղծուած իրավիճակի եւ սահմանային լարուածութեան աճի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրում է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment