Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Առաջադրուած Երեք Թեկնածուները Ընտրեց ՍԴ-Ի Դատաւորներ

Ազգային Ժողովը Առաջադրուած Երեք Թեկնածուները Ընտրեց ՍԴ-Ի Դատաւորներ

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) երեք նոր դատաւոր ունի։

Ազգային ժողովը Սեպտեմբեր 15-ին ընտրեց բոլոր երեք թեկնածուները՝ Երուանդ Խունդկարեան, Էտկար Շաթիրեան եւ Արթուր Վաղարշեան: Խունդկարեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Դատաւորներու ընդհանուր ժողովը, Վաղարշեանինը՝ նախագահը, Շաթիրեանինը՝ կառավարութիւնը:

Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները քուէարկութեան, ինչպէս յայտարարած էին երէկ, չմասնակցեցան:

«Սահմանադրական դատարանի համար առաջադրուել է Երուանդ Խունդկարեանի թեկնածութիւնը, իսկ ձայները բաշխուել են հետեւեալ կերպ՝ կողմ՝ 84, դէմ՝ 2: Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար առաջադրուել է Արթուր Վաղարշեանի թեկնածութիւնը, քուէատուփում առկայ էր 88 քուէաթերթիկ, որոնցից անվաւեր ճանաչուեց մէկը, իսկ ձայները բաշխուել են հետեւեալ կերպ՝ կողմ՝ 86, դէմ՝ 1: Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար առաջադրուել է Էտկար Շաթիրեանի թեկնածութիւնը, նրա ազգանունն ընդգրկուել է գաղտնի քուէարկութեան քուէաթերթիկում. կողմ՝ 85, դէմ՝ 3», – յայտարարեց Վահագն Մակուչեանը:

Ընտրուած դատաւորները իրենց լիազօրութիւնը կը ստանձնեն ԱԺ-ի մէջ երդման արարողութենէն յետոյ։ Այսօր թեկնածուները երդում չտուին, քանի որ անոնցմէ երկուքի պարագային աշխատանքի հետ կապուած անհամատեղելիութեան խնդիր կար:

«Թեկնածուները, արդէն դատաւորները պէտք է դիմում գրեն իրենց աշխատանքից դուրս գալու վերաբերեալ, որից յետոյ մենք կը կազմակերպենք երդման արարողութիւնը այստեղ», – ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան:

ՍԴ -ի թափուր տեղերը առաջացան Յունիսին ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդունուելէն յետոյ, երբ ՍԴ-ի նախագահի պաշտօնէն հեռացուեցաւ Հրայր Թոմվասեանը եւ իրենց պաշտօնը կորսնցուցին 12 տարիէն աւելի պաշտօնավարած երեք դատաւորները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment