Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Քրէական Գործ Յարուցուած Է 15 Տարի Առաջ Կիւմրիի Սեւ Բերդի Օտարման Փաստով

Քրէական Գործ Յարուցուած Է 15 Տարի Առաջ Կիւմրիի Սեւ Բերդի Օտարման Փաստով

by MassisPost

ՀՀ Ոստիկանութիւնը քրէական գործ յարուցած է 2005 թուականին Կիւմրիի Սեւ բերդ յուշարձանի ապօրինի օտարման փաստով:

Ըստ իրաւապահներուն՝ յուշարձանը շարք մը խախտումներով օտարուած է ֆիզիքական անձի մը:

Ըստ Ոստիկանութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան, Պաշտպանութեան եւ Արդարադատութեան նախարարութիւններու բարձրաստիճան եւ այլ իրաւասու պաշտօնատար անձեր, անձնական շահագրգռուածութենէն ելնելով, իրենց լիազօրութիւնները ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելով եւ խախտելով օտարման ոչ ենթակայ մշակութային յուշարձաններու մասին օրէնքը, կազմակերպած են Պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող ամրոցի օտարումը ֆիզիքական անձի: Ինչ որ, ըստ Ոստիկանութեան, պետութեան պատճառած է էական վնաս: Բայց թէ որոնք են, Ոստիկանութիւնը անուններ չէ նշած:

Յիշեցնենք, որ 2005 թուականին պաշտպանութեան ու արդարադատութեան գերատեսչութիւնները կը ղեկավարէին Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Յարութիւնեանը:

Ռուս – պարսկական երկրորդ պատերազմէն յետոյ, 19-րդ դարուն կառուցուած ամրոցը 1995-ին եղած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաշուեկշռին մէջ, իսկ 2004-ին ընդգրկուած է Շիրակի մարզի պատմութեան ու մշակոյթի յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Շիրակի մարզի ամենայայտնի տեսարժան վայրերէն մէկը՝ Սեւ բերդը այժմ կը պատկանի Կիւմրիի գործող քաղաքապետի ընտանիքին:

Քաղաքապետ Սամուէլ Պալասանեան «Ազատութիւ»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ անհանգստանալու ոչինչ ունին, քանի որ Պալասանեանի ընտանիքը 2012-ին սեփականատիրոջմէ ձեռք բերած է ամրոցը:

Ապա ան մանրամասնեց թէ 2005 թուականին Սէյնթ Փիթըրսպըրկէն եկած է Հայկ Հայրապետեան եւ շատ լուրջ ծրագիր ներկայացուցած, այդ բերդին վերաբերեալ: Սակայն ան մահացած է, եւ անկէ ետք փորձած են վաճառել բերդը: «Բայց 2012 թուականին, երբ որ ես քաղաքապետ ընտրուեցի, պարզ է, շատ մարդիկ, հասկանալով նաեւ, որ հնարաւորութիւն ունեցող անձնաւորութիւն եմ, որը կարող է ինչ-որ տեղ հիմնական միջոցներ գնել, Հայրապետեան ընտանիքը եկաւ, նորից Սեւ բերդի հետ կապուած առաջարկութիւն կատարեց: Ի հարկէ, շատ երկար խորհեցինք ընտանիքով՝ մենք Սեւ բերդը կառուցենք, որը քաղաքի համար շատ-շատ կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ»:

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ արդեօք յուշարձանը ձեռք բերելու ընթացքին չե՞ն փորձած ստուգել փաստաթուղթերու օրինականութիւնը, քաղաքապետը արձագանգեց. – «Ոչ մի բան չէի էլ ես կարող նկատել, որովհետեւ ես եղել եմ բարեխիղճ ձեռք բերող: Թէ ինչ են արել, ինչ ձեւի են ձեռք բերել, դա ընդհանրապէս ոչ էլ ինձ հետաքրքրել է»:

Պալասանեան ընդգծած է, որ իրենք ամրոցը ձեռք բերած են բաւական անմխիթարական վիճակի մէջ եւ տարիներու ընթացքին մեծ գումարներ ներդրած են: Այնտեղ հիմա պարբերաբար մշակութային մեծ միջոցառումներ տեղի կ’ունենան:

Հաշուի առնելով, որ ամրոցը ի սկզբանէ եղած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաշուեկշիռին մէջ, հնարաւոր է, որ քրէական գործի աւարտէն յետոյ այն կը վերադարձուի այդ գերատեսչութեան: Սամուէլ Պալասանեան արձագանքեց. – «Դուք հասկանո՞ւմ էք, էդ դէպքում ամէն ինչ կարող են ասել, որ՝ էս պետութեանն է: Բարեխիղճ ձեռք բերողին ո՞նց կարող են ասել, թէ գիտե՞ս ինչ կայ… Վաճառել են՝ մարդը գնել է»:

Ոստիկանութիւնը յարուցուած քրէական գործը ուղարկած է Քննչական կոմիտէ, ուր նիւթերը վարոյթ ընդունուած են՝ նախաքննութիւն կատարելու համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment