Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեղադրանք Առաջադրուած է Էրեբունի Համայնքի Նախկին Ղեկավար Մհեր Սեդրակեանին

Մեղադրանք Առաջադրուած է Էրեբունի Համայնքի Նախկին Ղեկավար Մհեր Սեդրակեանին

by MassisPost

Պարզուած են Երեւանի Էրեբունի համայնքի նախկին ղեկավար՝ Մհեր Սեդրակեանի կողմէ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու դէպքերու շարք մը հանգամանքներ, կը յայտնէ Քննչական կոմիտէն (ՔԿ):

Ըստ ՔԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան, քննութեամբ ձեռք բերուած տուեալներու համաձայն՝ Մհեր Սեդրակեան, 1999-2008 թուականներուն, գրաւելով Երեւանի Էրեբունի համայնքի ղեկավարի պաշտօնը, լիազօրուած ըլլալով կատարելու կազմակերպական-տնօրինական եւ վարչատնտեսական գործառոյթներ, չարաշահելով իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, դիտաւորութեամբ՝ չէ կատարած իր ծառայողական պարտականութիւնները եւ վարչական պատասխանատուութեան միջոց չէ կիրառած համայնքապատկան Վարդավառի զբօսայգիի տարածքին վրայ իր որդւոյն եւ եղբօր կողմէ ընդհանուր՝ 2782,55 քմ տարածքով շինութիւններու ինքնակամ կառուցապատում կատարելու համար, նպատակ ունենալով զանոնք հետագային պաշտօնէական դիրքի չարաշահումով ներառել վերջիններուս սեփականութեան ֆոնտին մէջ:

Սեդրակեան, պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելով, համայնքի աւագանիի անդամներու օժանդակութեամբ, Երեւան քաղաքի Էրեբունի համայնքի սեփականութիւնը հանդիսացող՝ «Վարդավառ զբօսայգի»ի տարածքը գտնուող ընդհանուր 12035.5 քմ. հողատարածքը օտարած է որդուն եւ եղբօրը, որու հետեւանքով նշուած հողատարածքը դուրս եկած է համայնքի սեփական ֆոնտէն, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

Մհեր Սեդրակեանին մեղադրանք առաջադրուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի (պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը) 2-րդ մասով: Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն՝ չհեռանալու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment