Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աքթիվիսթներու Պնդումով՝ «Լիտիան Արմենիա»-ի Պահնորդները Ծեծի Ենթարկած Են Բնակիչները

Աքթիվիսթներու Պնդումով՝ «Լիտիան Արմենիա»-ի Պահնորդները Ծեծի Ենթարկած Են Բնակիչները

by MassisPost

«Լիտիան Արմենիա»-ի վերջերս վարձակալած VIP Guard Security ընկերութեան պահնորդները անցեալ գիշեր յարձակած են Ամուլսարի պահպանութիւնը կատարող յարակից բնակավայրերու բնակիչներուն վրայ, առեւանգած անոնցմէ առնուազն մէկուն եւ դաժան ծեծի ենթարկած: Ծեծի ենթարկուողներէն մէկը յաջողած է պահնորդներէն ազատիլ ուշագնաց վիճակի մէջ, դէպքին վայրը ոստիկաններու ու ջերմուկցիներու ժամանելէն ետք միայն, «Ազատութիւն»-ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ջերմուկի բնակիչ, Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ հանդէս եկող՝ Շիրակ Բունիաթեանը։

Տեղի ունեցածի վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Հայկական բնապահպանական ճակատը, նշելով, որ «Լիտիան Արմենիա»-ի վարձակալած պահնորդական ծառայութեան աշխատակիցներու ծեծի հետեւանքով «Ամուլսարի պահապաններէն քանի մը հոգի հիւանդանոց փոխադրուած են»։

Շիրակ Բունիաթեան. – «Դէպքի վայրում աւելի ուշ եմ եղել: Ականատեսների պատմելով, որը որ նաեւ չէին հերքում այդ տարածքում գտնուող ոստիկանները, աւելին` բարձրաստիճան ոստիկանները իրենք էլ էին նոյն պնդմանը, որ տուեալ դէպքը սկիզբ ա առել ինչ-որ երկխօսութիւնից` քաղաքացիներից մէկի մէկ էլ պահնորդներից մէկի երկխօսութիւնից, որը դարձել ա վիճաբանութիւն: Դրանից յետոյ պահնորդները դուրս են եկել էդ տարածքից, իրենց պատկանող տարածքից եւ Ջերմուկ տանող մայրուղու վրայից քաղաքացուն ուղղակի կարելի է ասել առեւանգել են ու քաշել են ներս, «Լիտիանի» տարածք, ու էնտեղ դաժան ծեծի են ենթարկել, որը որ տեսել են թէ’ էնտեղ գտնուած ոստիկանները, թէ’ միւս քաղաքացիները, ովքեր որ էդ պահին էդտեղ են եղել: Էդտեղ թուով 2-3 ոստիկան են եղել, մեր յենակէտում գտնուող երկու քաղաքացի: Փորձել են միջամտեն, ոստիկաններին քաշքշել ու հրել են, միւս երկու քաղաքացուն են էլ են ծեծել մինչեւ որ իրանց յաջողուել ա զանգել»: Ըստ  Բունիաթեանի ծեծը շարունակուած է մինչեւ որ Ջերմուկէն` մօտ տասը քիլոմեթր հեռաւորութենէն մարդիկ իջած են, եւ պահնորդները հեռացած են այդ տարածքէն: « Երբ որ բնակիչները եւ ոստիկաններն արդէն մեծ թուով են էդտեղ եղել, մարդուն ուշագնաց վիճակում ուղղակի հանել են էդ տարածքից, անգիտակից վիճակում են հանել», շարունակած է Բունիաթեան:

«Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան իրաւաբանական գծով ղեկավար՝ Խորէն Նասիպեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց, թէ պահնորդները պաշտպանած են ընկերութեան տարածքը օրէնքի ծիրէն ներս։

Խորէն Նասիբեան ըսած է թէ ներխուժում տեղի ունեցած է, հաւանաբար ոչ սթափ վիճակի մէջ, մի խումբ անձերու կողմէ, որոնք փորձած են սադրել: Նաեւ քարեր նետած են: Անկէ յետոյ տարածքի ներսէն ներխուժումը կանխուած է պահնորդական ընկերութեան ներկայացուցիչներու կողմէ:

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ արդեօք ինքը չի հերքեր, որ պահնորդներու ծեծի հետեւանքով մարդը կորսնցուած է գիտակցութիւնը, Նասիպեան արձագանգեց. – «Ես չեմ էլ կարող հաստատել նման տեղեկութիւնը, քանի որ ընդհանրապէս տեղեկացուած չեմ, թէ բախման ժամանակ ինչ հետեւանք է ունեցել, նկատի ունեմ ֆիզիքական վնասուած եւ այլն ստանալու հետ կապուած»:

Ըստ աքթիվիսթ Բունիաթեանի, քանի որ «Լիտիանի» թէ՛ նախկին եւ թէ՛ ներկայի պահնորդական ծառայութիւնները յարձակած են ջերմուկցիներու եւ Ամուլսարին յարակից այլ բնակավայրերու բնակիչներուն վրայ, իրենք վստահ են, որ նման գործելաոճի նախաձեռնողը ոչ թէ այդ ընկերութիւններն են, այլ «Լիտիան Արմենիան» է, որպէսզի ի վերջոյ կարողանան անցնիլ հանքի շահագործման:

Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնեցին, որ անցեալ գիշեր 00։15-ին ահազանգ ստացուած է, որ Ամուլսարի 28 տեղամասի մէջ ծեծ տեղի ունեցած է, ոստիկանները մեկնած են դէպքի վայր եւ նիւթեր կը նախապատրաստուին։ Այլ տեղեկութիւն չյայտնեցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment