Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դաւիթ Տօնոյեան Մոսկուայի Մէջ Մասնակցած Է ԱՊՀ, ՀԱՊԿ, ՇՀԿ Պաշտպանութեան Նախարարներու Համատեղ Նիստին

Դաւիթ Տօնոյեան Մոսկուայի Մէջ Մասնակցած Է ԱՊՀ, ՀԱՊԿ, ՇՀԿ Պաշտպանութեան Նախարարներու Համատեղ Նիստին

by MassisPost

Սեպտեմբեր 4-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Անկախ Պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ), Շանհայեան համագործակցութեան կազմակերպութեան /ՇՀԿ/ եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու համատեղ նիստին:

Նիստի բացման խօսքին մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար՝ Սերկէյ Շոյկուն նշած է, որ նման ձեւաչափով հանդիպում մը առաջին անգամն է տեղի կ’ունենայ, եւ վստահութիւն յայտնած, որ միջազգային ռազմական համագործակցութիւնը այս հանդիպումէն յետոյ առաւել կ’աշխուժանայ, իսկ նիստի արդիւնքները կը նպաստեն գերատեսչութիւններու փոխգործակցութեան խորացման:

ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մասնագէտները պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուցած են «Քորոնա» ժահրի վարակին դէմ աշխարհի մէջ առաջինը գրանցուած ռուսական պատուաստի մշակման եւ փորձարկման մանրամասնութիւնները:

Նիստի մասնակիցները այցելած են նաեւ մերձմոսկովեան ՌԴ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր տաճար եւ «Յիշողութեան ճանապարհ» թանգարանային համալիր:

Դաւիթ Տօնոյեան «Յիշողութեան ճանապարհ» համալիրի փոխ ազդեցութեամբ որոնման համակարգի միջոցով գտած է Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից պապի` Յովհաննէս Պօղոսի Յակոբովի մասին փաստեր:

«Յիշողութեան ճանապարհ» թանգարանային համալիրը ստեղծուած է Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից խորհրդային զինուորներու յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով: Այժմ ան կը ներառէ 33 միլիոն գրառում եւ լուսանկար:

Նիստի ծիրէն ներս, ստորագրուած են ԱՊՀ եւ ՀԱՊԿ շրջագիծէն ներս շարք մը փաստաթուղթեր: Այդ մասին կը յայտնէ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Շուշան Ստեփանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment