Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պարեկային Ոստիկանութիւնը՝ Նոր Ինքնաշարժներով ու Զէնքով, կը Գործէ 2021-ին

Պարեկային Ոստիկանութիւնը՝ Նոր Ինքնաշարժներով ու Զէնքով, կը Գործէ 2021-ին

by MassisPost

2021 թուականի առաջին եռամսեակի աւարտին Երեւան քաղաքին մէջ կը սկսի գործել պարեկային ծառայութիւնը՝ 700 անձի կազմով։ Այս մասին կառավարութեան Սեպտեմբեր 3-ի նիստին ըսաւ արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան։

«Դիմողների թուում մեծամասնութիւն են կազմում քաղաքացիական անձինք։ Այսինքն՝ դիմել են թէ ոստիկանութեան գործող ծառայողներ, թէ քաղաքացիական անձինք։ Հիմա արդէն մեկնարկում ենք մրցոյթը, որպէսզի ընտրութիւն կատարենք 770 հոգու համար, որոնք հնգամսեայ դասընթաց կ’անցնեն։ Դրանից յետոյ արդէն 2021 թուականի առաջին եռամսեակի աւարտին Երեւան քաղաքում 700 անձի կազմով պարեկային ծառայութիւնը պատրաստ կը լինի մեկնարկելու։ Դրանից յետոյ պարեկային ծառայութիւնը փուլ առ փուլ կը տարածուի ամբողջ հանրապետութիւնում»,- ըսաւ նախարարը։

Կառավարութիւնը նոյն նիստին հաստատեց նոր ձեւաւորուող պարեկային ծառայութեան համար 150 փոխադրական միջոց ձեռք բերելու համար ոստիկանութեան գումար յատկացնելու որոշումը։

Նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան ըսաւ, թէ ինքնաշարժները յագեցած պիտի ըլլան լաւագոյն արդիւնաբերական միջոցներով, որոնք պարեկային ծառայութեան աշխատանքը էապես պիտի բարելաւեն։ Բացի այդ, պարեկային ծառայութեան հետ միասին յաջորդ տարուայ առաջին եռամսեակին պիտի գործարկուի օփերատիւ կառավարման կեդրոնը։ Պարեկային ծառայութիւնը պիտի ունենայ նոր զէնքի տեսակ, որ կը նախատեսուի ձեռք բերել աշնան ընթացքին, ինչպէս եւ ինքնաշարժները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment