Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 196-ով, Բուժուածներունը՝ 224-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 196-ով, Բուժուածներունը՝ 224-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 196-ով՝ հասնելով 44 271-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Սեպտեմբեր 3-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 275-ով եւ հասած 38 855-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1892 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 211 281-ի:

Մահուան դէպքերուն վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ երեք հիւանդներն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդներու մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 887-ի, եւս 271 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն, տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուի 4258 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment