Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ․ «Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Ռազմական Համագործակցութիւնը Կը Մտահոգէ Մեզ»

Ալիեւ․ «Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Ռազմական Համագործակցութիւնը Կը Մտահոգէ Մեզ»

by MassisPost

Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ եռակողմ ռազմական համագործակցութիւնը կը մտահոգէ պաշտօնական Պաքուն։ Նախօրէին այս մասին յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մէջ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան՝ Նիքոս Փիփերիքոսի հաւատարմագիրները ընդունելու ընթացքին, անդրադառնալով Պաքուի եւ Աթէնքի յարաբերութիւններու առնչութեամբ վերջին շրջանին կուտակուած խնդիրներուն։

«Երկրորդ խնդրայարոյց հարցը, որուն մասին ես կը ցանկայի յիշատակել, Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծաւալուած ռազմական համագործակցութիւնն է։ Ինչպէս գիտէք, Հայաստանը այն երկիրն է, որ գրաւած է մեր տարածքները։ Հայաստանը չի կատարեր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը եւ թշնամական պահուածք կը ցուցաբերէ։ Մէկ խօսքով՝ Հայաստանը Ատրպէյճանի թշնամին է։ Նման պայմաններուն, որեւէ պետութեան սերտ ռազմական համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ մեզ կը մտահոգէ, քանի որ այդ գոյաբանական սպառնալիք կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի համար», – յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment