Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ռուսական Մամուլը Կը Շարունակէ Պնդել, Որ Թուրքիան Ատրպէյճան Ուղարկած Է Սուրիացի Զինեալներ

Ռուսական Մամուլը Կը Շարունակէ Պնդել, Որ Թուրքիան Ատրպէյճան Ուղարկած Է Սուրիացի Զինեալներ

by MassisPost

Ռուսաստանեան մամուլը կը շարունակէ յամառօրէն պնդել, որ Թուրքիան Ատրպէյճան ուղարկած է սուրիացի զինեալներ, համալրելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ փաստացի գոյութիւն ունեցող թրքական ռազմակայանը: Այդ մասին հերթական մանրամասնութիւններ հրապարակած է ռուսաստանեան անկախ պարբերականներէն մէկը՝ «Նեզավիսիմաեայ գազեթա»-ն:

Թերթը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը յայտնէ, որ Անգարան Ատրպէյճան ուղարկած է 500 սուրիացի զինեալներ՝ հիմնականօրէն էթնիկ  թուրքմէններ «Սուլթան Մուրատ», «Սուրիական ազատ բանակ» եւ «Համզաթ» զինուած խմբաւորումներէն։ Պարբերականի աղբիւրները կը պնդեն, որ տեղեկատուութիւնը կը ստուգուի, եւ առաւել հաւանական է, որ անիկա կը համապատասխանէ իրականութեան:

Թերթը կը յիշեցնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին յուլիսեան բախումներուն յաջորդած Պաքուի ցոյցը, որուն մասնակիցները Թուրքիոյ կոչ կ’ընէին «փրկելու Ատրպէյճանը հայերէն եւ ռուսերէն»։ Թուրքիոյ դրօշակը ծածանելով, ցուցարարները Իլհամ Ալիեւէն կը պահանջէին «թրքական ռազմակայան տեղակայել երկրին մէջ եւ վրէժ լուծել հայերէն»։ Թրքական հեռատեսիլային ընկերութիւնները ցոյցերու այդ  տեսերիզները  աշխուժօրէն կը շրջանառէին, սակայն պաշտօնական Մոսկուան, որեւէ կերպով չէր արձագանգած անոր։

«Նեզավիսիմաեայ գազեթա»-ն կը մէջբերէ ռուսաստանցի արեւելագէտ Իկոր Տմիթրիեւի խօսքերը. – «Աշխոյժ խօսակցութիւններ կը շրջանառուին, որ Թուրքիան փաստացի ռազմակայան ստեղծած է Ատրպէյճանի մէջ, եւ վերջին զօրավարժութիւններէն յետոյ, Անգարան Ատրպէյճանի մէջ ձգած է իր զօրքի մէկ մասը, ինչպէս նաեւ F-16 օդանաւերն ու անոնց անձնակազմերը»։

Թուրք քաղաքագէտ Էնկին Օզերը, որ աշխուժօրէն կը վկայակոչուի ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու կողմէ, կը հաստատէ որ. – «Թրքական զինուորականները մինչ այդ ալ ներկայութիւն ունէին Նախիջեւանի մէջ, ինչո՞ւ անոնց չտալ պաշտօնական կարգավիճակ, չէ՞ որ անոր համար իրաւական խոչընդոտներ չկան»։

Ընդամէնը քանի մը տարի առաջ, ինչպէս կը նշէ «Տէյլի Սապահ» թրքական պարբերականը, Թուրքիան իր սահմաններէն դուրս ռազմակայան չունէր՝ բացառութեամբ փոքր ռազմական ներկայութեան, Կիպրոսի մէկ հատուածի մէջ։ Այսօր, սակայն, Թուրքիան արդէն ռազմակայաններ ունի Սոմալի, Քաթարի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:

Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիան ռազմական ներկայութիւն չունի, կը հակադարձէ պաշտօնական Պաքուն, կտրականապէս հերքելով նաեւ երկրին մէջ սուրիացի զինեալներու ներկայութեան մասին «Նեզավիսիմաեայ գազեթա»-ի պնդումները։

Սեպտեմբեր 2-ին, յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը: «Պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ երկրի տարածքին վրայ չկան օտար երկրացի պետութիւններու ռազմակայաններ կամ այլ ապօրինի զինուած խմբաւորումներ», – ըսուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ սուրիացի զինեալները Ատրպէյճան ուղարկելու մասին խօսակցութիւններ սկսան աշխուժօրէն շրջանառուիլ Յուլիսին, հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած ռազմական բախումներու ֆոնին։ Քանի մը շաբաթ ետք, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցան թուրք-ատրպէյճանական լայնամաշտապ զօրախաղեր, որոնց մեկնարկին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած էր թուրք գործընկերոջ` Ռեճեփ Էրտողանի հետ ու, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ընդգծած «լարուածութեան սրացման նպաստող որեւէ գործողութիւն թոյլ չտալու կարեւորութիւնը»:

Իլհամ Ալիեւ, իր հերթին, պնդած էր, թէ այդ մտահոգութիւնները զուր են: «Այս վարժանքները անհանգստութիւն կ’առաջացնեն որոշ երկիրներու մէջ, սակայն անոնց համար հիմքեր չկան: Այս թուրք-ատրպէյճանական միասնութեան հերթական դրսեւորումն է», – յայտարարած էր Ատրպէյճանի առաջնորդը՝ ընդգծելով, որ առաջիկային Թուրքիան կրնայ դառնալ իր երկրի թիւ մէկ գործընկերը ռազմաարդիւնաբերական համագործակցութեան ոլորտէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment