Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մնացականեան Պատրաստ Է Հանդիպելու Ատրպէյճանցի Գործընկերոջ Հետ

Մնացականեան Պատրաստ Է Հանդիպելու Ատրպէյճանցի Գործընկերոջ Հետ

by MassisPost

Մենք պատրաստ ենք հանդիպելու եւ ի հարկէ, պատրաստ ենք շարունակելու այդ աշխատանքը, ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զօհրապ Մնացականեան՝ պատասխանելով «Ինթըրֆաքս» լրատուական գործակալութեան այն հարցին, թէ վաղն իսկ կարո՞ղ է առանց որեւէ պայմանի հանդիպիլ իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ հետ։ Միեւնույն ժամանակ արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Հայաստանի համար կան առաջնահերթութիւններ։

Մնացականեանը, մասնաւորապէս, ըսած է. – «Մեզ համար Արցախի կարգավիճակի հարցը հանդիսանում է բացարձակ առաջնահերթութիւն։ Արցախի ժողովրդի կողմից ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը առանց որեւէ սահմանափակումների, Արցախի համար իրական, շօշափելի անվտանգութեան ապահովումը կարեւոր առաջնահերթութիւն է»։

Ղարաբաղեան բանակցութիւններու հետագայ ընթացքին, Սեպտեմբեր 1-ին, ուսանողներու հետ հանդիպման ժամանակ, անդրադարձած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը: Վերջինս նշած է, որ յուլիսեան սրացումներէն յետոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ ունեցած զրոյցէն տպաւորութիւն ստացած է, որ երկու կողմերն ալ շահագրգռուած են, որ իրավիճակը հանդարտի, եւ վերսկսին համանախագահներու տարածաշրջան կատարուող այցերը, որոնց կը յաջորդէ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment