Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած են Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Պաշտօնատար Անձինք

Ձերբակալուած են Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Պաշտօնատար Անձինք

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի ծիրէն ներս ձերբակալուած են Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) աշխատակիցներ:

Քրէական գործով ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն` 2020-ի Յունուար‑Փետրուար ամիսներուն ՊԵԿ արեւելեան մաքսատուն-վարչութեան Բագրատաշէնի մաքսային կէտ-բաժնի բաժանմունքի պետի պաշտօնը գրաւած Վ. Ա.-ն ու նոյն բաժանմունքի մաքսային տեսուչի պաշտօնը գրաւած Հ. Մ.-ն` բաժանմունքի կշեռքավար Ա. Տ.-ի օժանդակութեամբ, իրենց պաշտօնէական դիրքը օգտագործած են ծառայութեան շահերուն հակառակ եւ չեն կատարած ծառայողական պարտականութիւնները, այն է՝ 2020-ի Յունուար 17‑ին 1150    տուբ իւղով բեռնուած բեռնատարներու վարորդներուն թոյլատրած են յիշեալ բեռներու վերաբերեալ մաքսային յայտարարագիր ներկայացուցած չըլլալու պայմաններուն տակ Բագրատաշէնի մաքսակէտով մուտք գործել ՀՀ տարածք, որու հետեւանքով բեռի սեփականատէրը պետական պիւտճէ չէ վճարած առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 16 միլիոն 34 հազար 356 դրամի հարկեր, տուրքեր եւ պարտադիր այլ վճարներ:

Բացի այդ, ինչպէս կը յայտնէ Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը, ըստ նախաքննութեամբ ձեռք բերուած տուեալներուն, մաքսային ծառայութեան վերը նշուած պաշտօնատար անձերը 2020-ի Յունուար 25‑ին եւ 29-ին, ինչպէս նաեւ 2020-ի Մարտ 1-ին նոյն եղանակով` առանց մաքսային յայտարարագրման, թոյլատրած են նշուած մաքսակէտով իւրաքանչիւր անգամ 680  տուբ  իւղի տեղափոխումը ՀՀ տարածք, որու հետեւանքով բեռի սեփականատէրը պետական պիւտճէ չէ վճարած ընդհանուր` 28 միլիոն 397 հազար 753 դրամի հարկեր, տուրքեր եւ պարտադիր այլ վճարներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment