Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 31-ով՝ հասնելով 43 781-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 2 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Կեդրոնի կայքին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 72-ով եւ հասած 37 722-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 490 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 205 940-ի:
Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 879-ի, եւս 268 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 4 912 մարդ: