Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Բարձր Պարգեւներ Յանձնուած Է Տաւուշի Մարտերու Հերոսներուն

Պետական Բարձր Պարգեւներ Յանձնուած Է Տաւուշի Մարտերու Հերոսներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ Օգոստոս 28-ին, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ հանդիսաւոր պայմաններով տեղի ունեցած է Տաւուշեան մարտերու հերոսներու պարգեւատրման արարողութիւնը։

Իր ելոյթով, ինչպէս կը փոխանցեն կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն, վարչապետը նշած է. – «Յուլիսեան յաղթական մարտերով մենք թեւակոխել ենք պատմական մի նոր շրջափուլ, որտեղ Հայաստանի ռազմաքաղաքական, տարածաշրջանային կշիռն ու նշանակութիւնը մեծացել են, բայց մեծացել են նաեւ մարտահրաւէրները եւ պատասխանատուութիւնը: Այդ պատասխանատուութիւնը մեզնից պահանջում է գերմարդկային ճիգեր եւ նուիրում:

tavush heros-3

Այսօրուայ այս հանդիսաւոր արարողութիւնն այն մասին է, որ գերմարդկայինը մեզ համար այլեւս մարդկային է, առօրէական, աշխատանքային, եւ մեր այսօրուայ պարգեւատրուողները դրա վառ ապացոյցն են, դրա օրինակը եւ առհաւատչեան»:

ՀՀ վարչապետի միջնորդութեամբ եւ Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով Տաւուշեան մարտերու աշխոյժ դերակատարներէն 16 զինծառայողներ պարգեւատրուած են «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի, 55 զինծառայողներ՝ «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով։ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ զօրավար՝ Ռուբէն Սանամեան պարգեւատրուած է Ազգային հերոսի կոչումով՝ Հայրենիքի շքանշանով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment