Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծառուկեան Կը Պատրաստուի «Մեծ Հանրահաւաք Կազմակերպել»

Ծառուկեան Կը Պատրաստուի «Մեծ Հանրահաւաք Կազմակերպել»

by MassisPost

Ընտրակաշառք տալ կազմակերպելու համար մեղադրուող «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեան կը պատրաստուի «մեծ հանրահաւաք կազմակերպել» եւ խորհրդարանի առաջիկայ նստաշրջանին ընդառաջ, հանդիպումներու շարք մը կը սկսի կուսակցութեան տարածքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

«Եւ մեծ հանրահաւաք էլ ենք կազմակերպելու», – ԲՀԿ առաջնորդը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեսանիւթ տեղադրած է, ուր հանդիպում կ’ունենայ կուսակցութեան Կոտայքի մարզի գործադիրի հետ։ Բացօթեայ հանդիպման ընթացքին, Ծառուկեան կը տեղեկացնէ, որ իր աշխատակիցներուն յանձնարարած էր ժողովուրդին հետ շփուելու եւ անոնց յուզող հարցերը լսելու։ «Այսօր խնդիր, հարց չկայ, որ լուծում չունենայ, միայն լիարժէք հարկաւոր է տիրապետել խնդիրը, հարցը եւ դրա լուծումները տալ»:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ, ԱԺ-ի փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան այս ելոյթին մէջ արտառոց բան չի տեսներ։ Ան կը նկատէ, թէ հին տրամաբանութեան գործելաոճ է, եւ կը յիշէ նախկին քաղաքական գործիչները, անոնց կարգին՝ նախագահները եւ ձեռնարկատէրերը, որոնք հիմա կը մեղադրուին տարբեր յանցագործութիւններու մէջ: «Իրենց բոլորին թուում է, որ դա օգնելու է իրենց խոյս տալ երկրից փող գողանալու, մարդ ծեծելու, մարդ առեւանգելու, ռազմավարական կառոյցները սեփականաշնորհելու, ընտրակաշառք բաժանելու եւ այլ գործերի մեջից փորձելու են դրանով խոյս տալ, բայց կարծում եմ` թիւր կարծիք ունեն, թէպէտ միեւնոյն ժամանակ հասկանում եմ` իսկ այլընտրանքը ո՞րն է իրենց համար, եթէ դա չանեն, բա ի՞նչ անեն», – ըսած է Սիմոնեան:

Ամիսներ շարունակ պարբերաբար հանդիպումներ կ’ունենան Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին տնօրէն՝ Արթուր Վանեցեանի հիմնած «Հայրենիք» եւ ՀՅԴ կուսակցութեան ներկայացուցիչները։ Կը յայտարարեն, թէ կը քննարկեն Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը եւ երկրի սահմանադրական կարգի վերականգնման ուղիները։ «Իմ քայլ»էն կ’ըսեն թէ այս հաւաքներն ու հանդիպումները իրենց չեն անհանգստացներ. – «Ցանկալի կը լինի, որ արտախորհրդարանական դաշտում ընդդիմադիր լուրջ ուժեր ձեւաւորուեն, բայց այսօր ես նման միտում չեմ տեսնում, նաեւ Գագիկ Ծառուկեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի,Միքայէլ Մինասեանի պատճառով, որոնք իրենց մօտ եղած ֆինանսական միջոցներուն եւ ոչ միայն հաշուին դաշտը լցրել են եւ չեն թողնում, որպէսզի առողջ ուժերը կայանան ընդդիմադիր դաշտում»:

Կրթութիւն, գիւղատնտեսութիւն, վարկեր, համավարակ, Գագիկ Ծառուկեան այսօրուայ հրապարակած բացօթեայ հանդիպման տեսանիւթին մէջ մատնանշեց, թէ այս բոլոր ոլորտներուն մէջ իշխանութիւնը ձախողած է։ Ինչ կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին, գնահատականը խիստ էր՝ անարդիւնք պայքար, տարածաշրջանին մէջ ամենավատ ցուցանիշը ունինք: Մեծահարուստ Ծառուկեան անհանգստութիւն յայտնեց արտակարգ դրութեան ժամանակ ընկերային լուրջ խնդիրներ ունեցող մարդոց համար։ Ուշագրաւ է, որ Ծառուկեանի խօսքի զգալի մասը կրթական խնդիրներուն կը վերաբերէր: «Լիարժէք ստորագրութիւն էլ ենք հաւաքելու եւ մեծ հանրահաւաք էլ ենք կազմակերպելու, ով դրան դէմ է, ով չի ուզում, որ եկեղեցու դասընթացները հանուեն, սեռական դասընթացներ անցկացուի, Հայ գրականութիւնը հանուի, Հայոց պատմութիւնը հանուի, պատմութիւն թողեն ընդհանուր ասենք թէ ըստ դասախօսի տեսութեան, մենք դա չենք կարող թոյլ տալ, եւ ասում եմ` մեր երեխաները պիտի կրթուեն, դաստիարակուեն»:

«Իմ քայլը» բաց է բոլոր թեմաներով բանավէճերու եւ յորդորում են հանրահաւաքներով իրենց չվախցնել, «անհամբեր սպասում են խորհրդարանում Ծառուկեանի քննադատութեանը», «Ազատութիւն»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ԱԺ փոխխօսնակ Ալեն Սիմոնեան ընդգծելով՝ յատկապէս հետաքրքրուած է կրթական ոլորտի մասին Ծառուկեանի վերլուծութեամբ։

«Դերակատարները վաղուց ապացուցել են, որ իրենք չեն, որ դրա մասին պէտք է խօսեն, եւ իրենց ազնուութեան վրայ ըստ իս` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները մեծագոյն կասկած ունեն, որովհետեւ իրենց անցած ճանապարհով իրենք բազմիցս ապացուցել են, որ իրենք որեւիցէ կապ չունեն վերոյիշեալ թեմաների հետ, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ լռել են, յարմարուել են, այլընտրանք են եղել եւ միշտ ելք են գտել բոլոր ստեղծուած իրավիճակներում, որպէսզի պահպանեն իրենց դիրքը, ունեցուածքը կամ որեւիցէ այլ բան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment