Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ալեքսանտր Արզումանեան «7-ի Գործով» Դատավճռի Դէմ Վճռաբեկ Բողոք Ներկայացուցած Է եւ Կը Պահանջէ Արդարացում

Ալեքսանտր Արզումանեան «7-ի Գործով» Դատավճռի Դէմ Վճռաբեկ Բողոք Ներկայացուցած Է եւ Կը Պահանջէ Արդարացում

by MassisPost

Վճռաբեկ դատարան ներկայացուած է 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերով յարուցուած յայտնի «7-ի գործով» դատապարտուած Ալեքսանտր Արզումանեանի վճռաբեկ բողոքը՝ արդարացումի պահանջով:

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան 2009-ի Յունիսին Քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 1-ին մասով` «զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելը», դատապարտուած էր 5 տարուայ ազատազրկումի, սակայն համաներման մասին Ազգային ժողովի որոշման հիման վրայ երեք այլ ընդդիմադիր գործիչներու հետ ազատ արձակուած դատարանի դահլիճէն:

Արզումանեան 2017 թուականին կրկին անցած է դիւանագիտական ծառայութեան եւ Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Շուէտի, Իսլանտայի, Ֆինլանտայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն է:

«Սա «7-ի գործով» քաղբանտարկեալների երրորդ բողոքն է Վճռաբեկ դատարանին», – նաեւ ըսուած է Հայ ազգային քոնկրեսի իրաւական հարցերու յանձնաժողովի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Խաչատրեանի ֆէյսպուքեան գրառումին մէջ:

Հաւանութեան արժանացաւ արտակարգ դրութիւնը չերկարաձգելու օրէնսդրական փաթեթը

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ կատարելու փաթեթին, որմով հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի այլեւս չերկարաձգել Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը: Օրէնսդրական փաթեթը գործադիրի Օգոստոս 27-ի նիստի ընթացքին ներկայացուց ՀՀ արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան:

«Հնարաւոր է իրավիճակ, երբ վարակի աճի ընթացքի նուազումը հնարաւորութիւն տայ համաճարակի դէմ պայքարելուն եւ քաղաքացիների կեանքն ու առողջութիւնը պաշտպանելուն հասնել առանց արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի, հենց այդ նկատառումներով էլ մենք մշակել ենք այս նախագծերի փաթեթը եւ առաջարկում ենք կատարել փոփոխութիւններ եւ լրացումներ հիմնականում երկու՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան առողջապահա-համաճարակային անվտանգութեան ապահովման մասին» եւ «Արտակարգ իրավիճակներում բնակչութեան պաշտպանութեան մասին» եւ յարակից այլ օրէնքներում»,- ըսաւ Պատասեան:

Նախարարը նշեց, որ եթէ փոփոխութիւնները ընդունուին մինչեւ Սեպտեմբեր 11-ը, ապա արտակարգ դրութիւնը այլեւս չ’երկարաձգուիր, իսկ անոր աւարտելէն ետք կը սկսին գործել նախագծերով առաջարկուող միջոցառումները:

Արտակարգ դրութիւնը նոր ռեժիմէն կը տարբերի իրաւունքներու սահմանափակման ծաւալներով, խստութեամբ եւ կիրառուող գործիքակազմի ուժգնութեամբ: Այլեւս չեն գործեր ելեկտրոնային հսկողութեան համակարգի միջոցով մարդոց տեղորոշման համակարգը եւ տնտեսական գործունէութեան արգիլման դէպքերը:

Պատասեան աւելցուց, որ օրէնսդրական փաթեթը հնարաւորութիւն կու տայ այս պահու դրութեամբ, շարունակելու պայքարը համավարակին դէմ եւ միեւնոյն ժամանակ վերացնելու արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմը:

Նախագիծը մշակուած է Արդարադատութեան նախարարութեան եւ Առողջապահութեան նախարարութեան համատեղ ուժերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment