Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 203-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 203-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 203-ով՝ հասնելով 43 270-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր ժամը 11-ի սահմաններուն կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 262-ով եւ հասած 36 988-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1938 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 200 507-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 864-ի, եւս 265 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 5153 մարդ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 27-ի Կառավարութեան նիստի սկիզբը մասնաւորապէս յայտարարեց. – «Արդէն գործնականում 6 օր մենք ունէինք ամէնօրեայ դէպքերի 200-ից նուազ դէպք: Երեկուայ ցուցանիշը մի փոքր բարձր է՝ 203 ենք ունեցել, ի հարկէ, նաեւ հետազօտութիւնների շատ մեծ թիւ ենք ունեցել՝ 1938 հետազօտութիւնից»:

«Ըստ էութեան, կարող ենք ասել, որ նախորդ շաբաթուայ տուեալներով դէպքերի նուազման միտումը, որ կանգ էր առել, կարծես թէ նորից սկսում է շարունակուել, եւ սա կապուած է բացառապէս հակահամաճարակային կանոնների պահպանման որակով, որը մեզնից իւրաքանչիւրի անհատական վարքագծից է կախուած», – նշեց վարչապետը՝ կրկին կոչ ընելով առաւելապէս նախանձախնդիր ըլլալու հակահամաճարակային կանոններու պահպանման գործով՝ «մանաւանդ որ մենք այդ կանոնների որոշակի թուլացում ենք ունեցել»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment