Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Նախկին Ծովակալ․ «Թուրքիան Հիմա 2-րդ Սեւրին Կը Դիմակայէ». Ermenihaber.am

Թուրք Նախկին Ծովակալ․ «Թուրքիան Հիմա 2-րդ Սեւրին Կը Դիմակայէ». Ermenihaber.am

by MassisPost

Թուրք պահեստազօրային ծովակալ Ճեմ Կիւրտենիզը մեկնաբանած է Արեւելեան Միջերկրականին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, որոնք յանգած են Թուրքիոյ ու Յունաստանի միջեւ լարուածութեան խորացման։ Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber.am-ը։

Կիւրտենիզը, ակնարկելով Արեւմուքին, պնդած է, որ Թուրքիոյ դէմ ելած են Սեւրի քարտէզով, որ կ’ենթադրուի Թուրքիոյ ետ հրէ եւ սեղմէ Անատոլիայի սահմաններէն ներս։

«Այդ քարտէզը մեզի կը ստիպէ Էգէեան ծովը ամբողջութեամբ, որպէս յունական ծով ընդունելու, Արեւելեան Միջերկրականի մէջ մեզ Ալեքսանտրեթի ու Անթալիայի ծովածոցերու մէջ կը բանտարկէ եւ արեւմուտքի մէջ՝ մեր տարածքային ջուրերուն մէջ»,- նշած է Կիւրտենիզը՝ աւելցնելով, որ Անգարան 2000-ականներու սկիզբէն, դէմ ելած է ու մարտահրաւէր  կը նետէ այդ քարտէզին։

Ըստ թուրք ծովակալին՝ Արեւելեան Միջերկրականի հետ կապուած ոչ թէ Թուրքիան պէտք է փոխէ իր դիրքորոշումը, այլ Յունաստանը, քանի որ «Թուրքիան կը պաշտպանէ այն, ինչ իրեն կը պատկանի, այլ կերպ ըսելով՝ կը պաշտպանէ իր ծովային հայրենիքը, որու սահմանները գծուած են «Ազգային ուխտ»-ով»։

«ԱՄՆ-ը կը ցանկայ, որ Թուրքիան իր ուզած հունին մէջ դնէ, որպէսզի կարողանայ անոր պարտադրել տարածաշրջանին մէջ իրականացնելու ամերիկեան քաղաքականութիւնը։ Թուրքիան «սառը պատերազմէն» յետոյ վերադարձած է իր սեփական քաղաքականութեան եւ չի հրաժարիր անկէ։ Իսկ անոր առաջնահերթութիւնները, բնականաբար, Արեւելեան Միջերկրականի, Կիպրոսի եւ Էգէեան ծովի մէջ իր շահերն են։

Համաշխարհային հսկաները չեն ցանկար, որ Թուրքիան ծովային եւ ուժանիւթի առումով հզօր երկիր ըլլայ։ Այս տեսանկիւնէն, Թուրքիոյ դէմ ընդունուող բանաձեւերը, զէնքի մատակարարման արգելանքները եւ մնացած պատժամիջոցները նպատակ ունին Թուրքիոյ իրենց «գիծը» պարտադրել։ Թուրքիան կը դիմադրէ, ստիպուած է դիմադրել, քանի որ եթէ դիմադրութիւնը կոտրուի, մենք դէմ յանդիման կը մնանք 2-րդ Սեւրի հետ»,- ըսած է Կիւրտենիզը։

Վերջինս հաւանական չէ համարած նաեւ այն տարբերակը, որմով ՆԱԹՕ-ի անդամները, ինչպէս Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, օգնեն Յունաստանը Թուրքիոյ դէմ ռազմական բախումի պարագային։ Կիւրտենիզի խօսքով՝ այդ մէկը դաշինքը կը հասցնէ փլուզումի եզրին կամ մասնակի փուլ կու գայ, ինչ որ, ըստ ԱՄՆ-ի աշխարհաքաղաքական տեսութիւններուն՝ համազօր է մղձաւանջի։

«Թուրքիան իր պաշտպանական արդիւնաբերութեան շնորհիւ հզօրացած է նաեւ Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ։ Անոնք չէին սպասեր, որ Թուրքիան այդքան պիտի ուժեղանայ ծովի մէջ եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս պիտի հասնի այն հզօրութեան, որ թոյլ տայ իրեն անոնց դէմ ելլելու։ Այդ պատճառով հիմա Արեւմուտքի գլխուն ալ խառնաշփոթութիւն կը տիրէ։ Թուրքիան Լիպիոյ, (Կիպրոս-խմբ․) մէջ ռազմական կայան կը  հիմնէ։ Ասոնք բաներ են, որոնք շատ հեռու են այն ձեւաւորումէն, զոր Արեւմուտքը Թուրքիոյ համար գծած է։ Այս բաներուն հետ անոնց ընտելանալը բնականաբար ժամանակ կը պահանջէ։ Ամէն երկիր կը ցանկայ (բանակցութիւններու-խմբ․) սեղանին նստելէն առաջ ուժեղ ըլլալ։ Թուրքիան այդ կը կատարէ»,- եզրափակած է թուրք ծովակալը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment