Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դասագիրքերու Չափորոշիչներուն Շուրջ Բարձրացած Անտեղի Աղմուկը

Դասագիրքերու Չափորոշիչներուն Շուրջ Բարձրացած Անտեղի Աղմուկը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ կը շարունակեն կերպով քննարկել Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ նշանակուած յանձնախումբի պատրաստած չափորոշիչները, որոնց հիման վրայ դպրոցները պիտի օժտուին նոր եւ արդիական մօտեցումով դասագիրքերով:

Ընդդիմադիր շրջանակներ եւ յատկապէս նախկին ռեժիմին կողմէ ուղղորդուող խմբաւորումներ աղմուկ կը բարձրացնեն, պնդելով որ նոր չափորոշիչները լրամշակող փորձագիտական խմբի ղեկավար Լիլիթ Մկրտչեան կը համագործակցի Թուրքերու հետ, որպէսզի աշակերտներուն տրուին «ապազգային» եւ «հակապետական» դաստիարակութիւն:

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի ՍԴՀԿ  «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, յայտնելով իր դրական մօտեցումը պատմութեան դասագրքերու չափորոշիչներուն վերաբերեալ:

«Միութեան անդամները հանդիպում ունեցան ԵՊՀ Պատմութեան ֆակուլտետի դասախօս, Պ.Գ.Թ, դոցենտ, «Պատմութիւն» առարկայախմբի առարկայական չափորոշիչները լրամշակող փորձագիտական խմբի ղեկավար Լիլիթ Մկրտչեանի հետ:

«Կառուցողական եւ առողջ մթնոլորտում քննարկուեցին մի շարք հարցեր առնչուող «Հայոց Պատմութիւն» առարկայի չափորոշիչներին, առարկայի ապագային, տեղ գտնող նիւթերին եւ դրանցում պարունակուող ուղերձներին:

«Լիլիթ Մկրտչեանի կողմից կատարուեցին մի շարք յստակեցումներ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ ընդունելի են մեր միութեան կողմից:

«Միանալով բազմաթիւ անձերի յստակեցումներին մենք եւս հաստատում ենք, որ չափորոշիչներում չկայ ոչ մի հակազգային, հակապետական դրսեւորում կամ դրա քարոզ, չափորոշիչներում առկայ մի շարք տեխնիկական խնդիրները ոչ մի աղերս չունեն «հակազգային» դրսեւորումների հետ», յատկապէս ըսուած էր յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք որ, տարի մը առաջ Տխրունիականները բողոքած էին պատմութեան դասագրքերուն մէջ Արեւմտահայաստանի տարածքին Հայ ժողովուրդի մղած ազգային ազատագրական պայքարի ընթացքին Հնչակեան Կուսակցութեան կարեւոր դերակատարութեան անտեսումին եւ այլ կուսակցութեան մը գործունէութեան ուռճացումին դէմ: Այս նպատակով երիտասարդները նաեւ ցոյց կազմակերպած էին ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէնի գրասենեակին առջեւ:

Հանդիպումներ ունենալով Կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ` Հնչակեան երիտասարդները փոխանցած էին իրենց մտահոգութիւնները եւ դիտողութիւնները` պահանջելով ճշգրտումներ կատարել պատմութեան դասագրքերուն մէջ, որպէսզի պատանի ուսանողները տիրանան աւելի ճշգրիտ գիտելիքներու:

Գաղտնիք չէ որ, ամբողջ քսան տարի Հայաստանի դպրոցները կուսակցականացուած էին, տնօրէնները վերածուած էին ընտրակեղծարարներու, իսկ որոշ «պատմաբաներ» իրենց գիտնականի բարոյական վարկը մէկդի դրած` դարձած էին վարձու գրիչներ:

Երկու տարի առաջ Հայաստանի ժողովուրդը ոտքի ելաւ ու երկրէն ներս իրագործեց յեղափոխութիւն, որ իր բովանդակութեան մէջ կ’ընդգրկէ փոփոխութիւններ բոլորը այն բնագաւառներուն մէջ, ուր կան նախկին կորումպացուած ռեժիմի մատնահետքերը: Այսօր, երբ յեղափոխական կառավարութիւնը կը կատարէ իրեն տրուած մանտաթը` յօգուտ մեր երկրին, ապատեղեկատուութեան արշաւ կը շղթայազերծուի` կասեցնելու համար բարեփոխումներու եւ արդիականացման գործընթացը: Անոնց մէջ կ’իյնայ դասագիրքերու հարցը, որոնց միջոցաւ պիտի պատրաստուին ապագայ սերունդները:

Իսկական ապազգայինները անոնք են, որոնք քսան տարի կողոպտեցին երկիրը, աղքատութեան հասցուցին ու արտագաղթի մատնեցին մեր ժողովուրդը, կեղծեցին ընտրութիւնները, անորակ սնունդ տուին բանակի զինուորներուն եւ բազում այլ հակապետական գործէր, որոնց պատճառաւ գրեցին իրենց քաղաքական մահազդը:

Կը յուսանք որ, նոր դասագիրքերու պատրաստութեան գործընթացը կը շարունակուի ու կը հասնի իր աւարտին` անտեսելով խառնակիչ տարրերու բարձրացուցած աղմուկը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment