Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 111-ով, Բուժուածներունը՝ 426-ով, Գրանցուած Է Մահուան 4 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 111-ով, Բուժուածներունը՝ 426-ով, Գրանցուած Է Մահուան 4 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 111-ով՝ հասնելով 42 936-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 4 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Օգոստոս 25-ի ժամը 11-ի սահմաններու կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 426-ով եւ հասած 36 475-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1299 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 196 873-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած է թէ հիւանդներուն ամենաերիտասարդը  եղած է 61 եւ ամենատարեցը 70  տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 4 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 858-ի, եւս 260 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 5 343 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment