Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Քննարկած Է Քորուփցիայի Կանխարգիլման Առնչուող Հարցեր

Կառավարութիւնը Քննարկած Է Քորուփցիայի Կանխարգիլման Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան   Օգոստոս 25-ին հանդիպում ունեցած է քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովի անդամներուն հետ՝ յանձնաժողովի նախագահ՝ Հայկուհի Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:

Ինչպէս կը յայտնեն կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնենէն, վարչապետը նկատել տուած է, որ Հայաստանի կառավարութեան ծրագրին մէջ ամրագրուած է քորուփցիայէն զերծ հանրութեան տեսլականը, եւ ասիկա սկզբունքային կարեւոր նշանակութիւն ունի երկրի հետագայ զարգացման համար:

«Ի հարկէ, այսօր Հայաստանի օրակարգում կարեւորագոյն հարցերից մէկը քորուփցիայի դէմ պայքարն է, բայց ռազմավարական առումով մեզ համար կարեւոր է ոչ թէ քորուփցիայի դէմ պայքար ունենալ, այլ ունենալ քորուփցիայի կանխարգելման յստակ գործող մեքենականութիւններ՝ նկատի ունենալով, որ կամ քորուփցիան Հայաստանում լինի անհնար՝ համապատասխան մեքենականութիւնների բերումով, կամ ուղղակի այն այնքան նուազագոյն մակարդակ ունենայ, որպէսզի որպէս հանրային խնդիր ընդհանրապէս չլինի օրակարգում՝ բնականաբար, հետագայ պայքարի մեքենականութիւնների առկայութեամբ, երբ քորուփցիայի ցանկացած դէպք առանց բացայայտման չի մնայ», – ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Յարութիւնեան վարչապետին ներկայացուցած է յանձնաժողովի անդամները՝ Լիլիթ Ալեքսանեան, Արամայիս Փաշինեան եւ Նարեկ Համբարձումեան եւ անդրադարձած անոնց գործառոյթներու շրջանակին: Ան նշած է, որ յանձնաժողովը կը գործէ աւելի քան 8 ամիսէ եւ կազմաւորումէն ի վեր ողջ ներուժով ներգրաւուած է առկայ հենքի վրայ իր գործունէութեան կազմակերպման: Կատարուած է դատական համակարգի տարբեր օղակներու բարեվարքութեան ստուգում եւ գործընթացը պիտի շարունակուի:

Քննարկուած են քորուփցիայի կանխարգիլման, քորուփցիոն յանցագործութիւններու բացայայտման եւ հակաքորուփցիոն կրթութեան ու իրազեկման հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment