Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Օժանդակութիւնը Կը Հասնի Լիբանանահութեան

ՀԿԲՄ-ի Օժանդակութիւնը Կը Հասնի Լիբանանահութեան

by MassisPost

Օգոստոս 4-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումէն ցնցուած Լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ ամոքել իր վէրքերը` թաղելով իր զոհերը, բուժելով իր վիրաւորները, նորոգելով քանդուած ու վնասուած բնակարաններն եւ ազգային հաստատութիւնները:

Տեղւոյն Հայկական կազմակերպութիւնները կ՛ընեն իրենց կարելին՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու բոլոր տուժածներուն եւ կարիքաւորներուն, օգտագործելով իրենց սահմանափակ միջոցները ու նաեւ Հայաստանէն, Արցախէն ու Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ստացուող նիւթական օժանդակութիւնները:

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) Հարաւային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղը ուրախութեամբ կը յայտնէ թէ, մեր համայնքէն ներս կազմակերպուած առցանց եւ նաեւ ուղղակի ստացած նուիրատուութիւնները անմիջապէս ուղարկեց Պէյրութի իր քոյր կառոյցին, որոնք նպաստեցին՝ բաց պահելու Հաճըն թաղամասի մեր դարմանատունը, ուր հայ եւ տեղացի հիւանդներ կ՛ստանան բժշկական խնամք ու կ՛իրականացուին սննդաբաշխումի աշխատանքներ: Մօտ օրէն կը սկսին մեծ վնասներու ենթարկուած մեր միւս հաստատութիւններու վերանորոգման երկարաշունչ աշխատանքները:

Հանգանակութեան արշաւը կը շարունակուի ու կը խնդրենք որ, անոնք որոնք կը փափաքին օժանդակել Լիբանանահայութեան վերականգնումին իրենց նուիրատուութիւնները կատարեն առցանց՝ AEBU.org/donate հասցէով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment