Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորի Պաշտօնին Առաջադրած Է Էտկար Շաթիրեանի Թեկնածութիւնը

Կառավարութիւնը Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորի Պաշտօնին Առաջադրած Է Էտկար Շաթիրեանի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Վարչապետի որոշումով, Կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) դատաւորի պաշտօնին համար առաջադրած է Էտկար Շաթիրեանի թեկնածութիւնը:

Իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ 40-ամեայ Շաթիրեանը հասարակութեան յայտնի դարձաւ, երբ անցեալ նոյեմբերին Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովին մէջ դարձաւ իշխող «Իմ քայլի» առաջադրած անդամը, բայց երբ չընտրուեցաւ յանձնաժողովի նախագահ, իր պաշտօնավարումը աննպատակայարմար համարեց եւ հեռացաւ։ Նախագահի պաշտօնին համար միաձայն ընտրուած էր ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստանի» թեկնածու Հայկուհի Յարութիւնեան։

Նախորդ թեկնածուն Վահրամ Աւետիսեան յայտարարած էր, որ խորհրդարանին մէջ ընտրուիլը անիրատեսական կը համարէ:

Նախագահը առաջադրած է Արթուր Վաղարշեանին, եւ Դատաւորներու ընդհանուր ժողովը՝ Վճռաբեկ դատարանի գործող նախագահ՝ Երուանդ Խունդկարեանին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment