Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը կը Հերքէ Արսէն Թորոսեանի Հրաժարականի Մասին Տեղեկութիւնները

Առողջապահութեան Նախարարութիւնը կը Հերքէ Արսէն Թորոսեանի Հրաժարականի Մասին Տեղեկութիւնները

by MassisPost

Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան վարչապետի որոշումով Օգոստոս 31-ին 19 օրով արձակուրդի մէջ է։ Վարչապետի այս որոշումը հրապարակուեցաւ նախարարի հրաժարականի մասին յամառ լուրերու ֆոնին։

Նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան, արձակուրդի մասին պաշտօնական տեղեկութեան հրապարակումէն րոպէներ առաջ «Ազատութիւն»-ին վստահեցուցած էր, որ Թորոսեան կը շարունակէ բնականոն աշխատանքը՝ ոչինչ ըսելով, սակայն, արձակուրդի մասին։ Աւելի ուշ պնդեց, որ այս ծրագրուած արձակուրդ էր եւ դարձեալ հերքեց հրաժարականի մասին տեղեկութիւնները. – «Ծրագրուած արձակուրդ է: Նախարարն օգտուում է իր տարեկան հասանելի արձակուրդից»:

Իսկ այն հարցին, թէ արդեօք հրաժարականի թեման կը քննարկուի՞, Նիկողոսեան արձագանգեց.- «Ոչ: Ենթադրութիւնների, ապագայի մասին ես ոչ մի բան չեմ ուզում ասել, բայց կեանք ա էլի… Բայց էս պահին նախարարը շարունակում է իր բնականոն աշխատանքը եւ հրաժարականի դիմում չի ներկայացրել»:

Արձակուրդի ժամանակամիջոցին, Թորոսեանին կը փոխարինէ փոխնախարար Անահիտ Աւանեսեան։

Հարցին, թէ արդեօք Թորոսեան արձակուրդէն աշխատանքի կը վերադառնա՞յ, մամլոյ քարտուղարը դրական պատասխան տուաւ: Մամլոյ մէջ, սակայն կան նաեւ հակառակ պնդումներ. կը գրեն, թէ վարչապետը դժգոհ է «Քորոնա» ժահրի համավարակի ընթացքին Թորոսեանի կատարած աշխատանքէն եւ նախարարի հետ կոշտ խօսակցութիւն  ունեցած է։ Պարէտատունն ալ, ըստ մամուլին, նախարարէն մանրամասն հաշուետուութիւն պահանջած է «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման նպատակով հաւաքուած գումարներու ծախսերու մասին։ Նախարարութենէն այս տեղեկութիւնը ո’չ կը հերքեն եւ ո’չ կը հաստատեն:

Ալինա Նիկողոսեան. – «Այսինքն դուք վստահ էք, որ նման հաշուետուութեան պահանջ կայ, եթէ «Ժողովուրդը» գրած է… Ես անկեղծ չեմ ուզում անդրադառնալ նրանց գրածին… Դուք կարող էք դա նաեւ պարէտատնից ճշդել»:

Պարէտատունէն տեղեկութիւնը կը հերքեն։ «Նման հաշուետուութիւն պարէտատունը չի պահանջել», – «Ազատութիւն»-ին փոխանցեց վարչապետի մամլոյ խօսնակ Մանէ Գէորգեան։ Չնայած, որ այսօր նախարարութեան պաշտօնական էջով հրապարակում կատարած էին, որմէ կը տեղեկացուի, թէ 2020 թուականի Մարտէն մինչեւ Օգոստոս 1-ի ժամանակամիջոցին համար Covid 19 -ի ծիրէն ներս նախարարութեան ծախսերը կազմած են շուրջ տասը միլիառ դրամ։ Իսկ տեղեկութիւնը, թէ այս ծախսերու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն սկսած է եւ նախարարն ալ հրաւիրուած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն, «Ազատութիւն»-ին հետ զրոյցի ընթացքին հերքեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ խօսնակը:

Նախօրէին նախարարի հրաժարականի մասին լուրերու շրջանառման պատճառներէն մէկն ալ նախարարի ֆէյսպուքեան բազմահազարանոց հետեւորդներ ունեցող էջի ապաաշխուժացումն էր։ Խօսնակը կը պնդէ, որ այդ քայլը կապ չունի դատարանի որոշումին հետ, որմով նախարարը պարտաւոր է իր ֆէսյպուքեան էջով ներողութիւն խնդրելու «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցի նախկին տնօրէն , երրորդ նախագահ Սերժի խնամի Արա Մինասեանին։

38-ամեայ նախարարը մասնագիտութեամբ առողջապահութեան կազմակերպիչ է։ Մինչեւ նախարար նշանակուիլը «ՄԻԲՍ» ախտորոշիչ կեդրոնի տնօրէնը եղած էր։ 2018-ին պաշտօնը ստանձնելէն ետք Թորոսեան յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ շարք մը կտրուկ փոփոխութիւններ նախաձեռնած է, որոնք ոչ ընդունուած են ոլորտի ներկաայցուցիչներու եւ որոշ պարագաներուն նոյնիսկ իր խմբակիցներուն կողմէն։ ԱԺ ամպիոնէն նախարարը քննադատած են նաեւ իշխող ուժի պատգամաւորները։ Կան նաեւ կարծիքներ, որ ան գործադիրի այն քիչ ներկայացուցիչներէն է, որ չի վախնար արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններ նախաձեռնելէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment