Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Ատրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Հայ Սպան Ներթափանցող Է

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Ատրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Հայ Սպան Ներթափանցող Է

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ  գերեվարուած հայ սպան ներթափանցող (տիվերսանթ) է, ինչպէս կը պնդէ ատրպէյճանական կողմը։ Նշենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը երէկ տեղեկացուց, որ Օգոստոս 22-ին` ժամը 19:30-ի սահմաններուն, մարտական յենակէտը ստուգելու նպատակով սպայ՝ Գուրգէն Ալավերտեան եղանակային խիստ անբարենպաստ պայմաններու պատճառով շփոթած եւ մոլորած է: Կը կատարուին որոնողական աշխատանքներ:

Թէ շփման ճիշդ որ հատուածին մէջ դէպքը տեղի ունեցած է, Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը չի մանրամասներ։ Մինչդեռ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ կը տեղեկացնէ, որ Օգոստոս 23-ին, առաւօտեան 05.45-ի սահմաններուն, հայկական կողմը ներթափանցման փորձ կատարած է, սակայն կորուստներ կրելով նահանջած է։

Մարտի ընթացքին, ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ գերեվարուած է հայկական ներթափանցման  հետախուզական խումբի ղեկավարը։ Ուշագրաւ է, որ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը գերի ընկած Գուրգէն Ալավերտեանին կը ներկայացնէ, որպէս աւագ-լեյտենանտ գնդապետ Գուրգին Ալբերեան։ Ի դէպ, ատրպէյճանական քանի մը կայքեր տեսանիւթ տարածած են, ուր լուսանկարին մէջ երեւցող զինուորական համազգեստով տղամարդը կը ներկայացուի, որպէս հայկական ներթափանցման հետախուզական խումբի ղեկավար։ Տեսանիւթին մէջ զինուորականին դէմքը ծածկուած է գլխարկով, իսկ տեսանիւթին աւարտին արդէն հրապարակուած է լուսանկարը։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան մինչդեռ կը պնդէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան` ներթափանցման մասին տարածած հաղորդագրութիւնը ապատեղեկատուութիւն է. – «Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն ապատեղեկատուութիւն է, որեւէ ներթափանցման փորձ տեղի չի ունեցել, պարզապէս փորձ է արուում մոլորուածին ներկայացնել որպէս ներթափանցող»:

Առ այս պահը յայտնի չէ` ուր եւ ինչ վիճակի մէջ է Օգոստոս 22-էն մոլորուած համարուող հայ սպան։ Ո՛չ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ո՛չ ալ Կարմիր խաչի հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը դեռեւս որեւէ տեղեկութիւն չեն յայտներ:

Նշենք, որ Հայաստանի զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն` այսօր վաղ առաւօտեան` ժամը 05:00-ին, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի ղեկավարութեամբ՝ մեկնարկած են Հայաստանի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամիաւորման եւ զօրամասերու հետ կատարուող հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւններ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ զօրավարժութիւններուն նպատակը ստուգելն է զօրքերու մարտական պատրաստականութիւնը, ինչպէս նաեւ խաղարկել հակառակորդի հաւանական յարձակողական ետմղման եւ անոր հարուածային խմբաւորումներու ջախջախման օփերատիւ-մարտավարական դրուագներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment