Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Մտահոգ` Ամերիկայի Նախագահական Ընտրութիւններով

Էրտողան Մտահոգ` Ամերիկայի Նախագահական Ընտրութիւններով

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները արագօրէն կը մօտենան եւ Նոյեմբեր 3-ին յայտնի կը դառնայ Սպիտակ Տան բնակիչին անունը: Մինչ այդ աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այդ ընտրութիւններուն վրայ եւ շատեր ունին իրենց նախընտրութիւնը, թէ որուն հետ կ՛ուզեն գործ ունենալ՝ Տանոլտ Թրամփի, թ՞է Ճօ Պայտընի, առանց բացայայտ դարձնելու այդ:

Անցեալ շաբաթավերջին համացանցի վրայ սկսաւ շրջիլ եւ թրքական մամուլի առաջին էջերուն վրայ երեւալ՝ 2019-ի Դեկտեմբերին «Նիւ Եորք Թայմզի» մէջ լոյս տեսած Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հարցազրոյցի տեսաժապաւէնը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ. «Մենք այժմ պէտք է Էրտողանի նկատմամբ միանգամայն այլ մօտեցում որդեգրենք: Հարկաւոր է յստակացնել, որ ընդդիմութեան առաջնորդները կը վայելեն մեր աջակցութիւնը: Մենք պէտք է ուղղակի շփումներ ունենանք թրքական վերնախաւի որոշ շրջանակներու հետ: Ճիշդ ինչ որ ես կ’ընէի նախապէս: Մենք պէտք է քաջալերենք այդ մարդոց, որպէսզի անոնք Էրտողանը պարտութեան մատնեն: Եւ այդ պէտք է տեղի ունենայ ոչ թէ յեղաշրջումի, այլ ընտրական գործընթացներու միջոցով»: Օրին այս յայտարարութիւնները մեծ ուշադրութեան չէին արժանացած, սակայն այժմ՝ ամիսներ ետք, վերստին հրապարակ գալը ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով անոր տրուած պատասխանը կը վկայեն, թէ Թուրքիա շահաքրքրուած է Ամերիկեան ընտրութիւններով:

Յաճախ գրուած ու խօսուած է Թրամփ-Էրտողան անհասկանալիօրէն հակասական յարաբերութիւններու մասին, երբ կողմերը իրար հասցէին մեղադրանքներ կը հնչեցնեն, սակայն անդին կը համագործակցին՝ տարածաշրջանէն ներս թրքական շահերը պաշտպանելու առումով: Թրամփ չի դադրիր Էրտողանի մասին խօսիլ որպէս «զօրաւոր ղեկավար», անտեսելով անոր բռնապետական հակումները՝ բանտերը հակառակորդներով լեցնելով եւ փակելով ընդդիմադիր թերթերն ու հեռատեսիլի ալիքները: Տակաւին այս օրերուն Թրամփ յիշեց Թուրքիոյ նախագահի անունը, որպէս վարպետ «ճատրակ խաղացող», ըսելով որ Ճօ Պայտըն կարողութիւնը չունի անոր հետ չափուելու:

Թուրքիոյ նախագահը մտահոգուելու լուրջ պատճառ ունի, երբ կը մօտենան 2023 թուականին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնները, որոնք կրնան աւարտին հասցնել 20-ամեայ իր իշխանութիւնը: Էրտողանի կառավարման առաջին տարիները յատկանշուեցան տնտեսական մեծ աճով եւ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացմամբ: Այդ պատճառաւ շատ մը թուրքեր, անտեսելով անոր կրօնական արմատները, շարունակեցին զօրակցիլ իրեն: Այժմ կացութիւնը փոխուած է եւ տնտեսութիւնը անկումի մէջ է ու Էրտողանի ժողովրդականութիւնը վայրէջքի վրայ: Անցեալ տարի ընդդիմադրութեան արձանագրած յաղթանակները՝ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ, ոչ միայն մեծ հարուած էին Էրտողանի հեղինակութեան, այլեւ զգուշացում՝ գալիք նախագահական ընտրութիւններուն իրեն սպասող ճակատագրին:

Վերջին ժամանակներուն, Էրտողանի բոլոր քայլերը նպատակաուղղուած են վերականգնելու իր վարկանիշը: Այդ նպատակով ան աւելի ու աւելի սկսած է խաղալ կրօնական եւ ազգայնամոլական լարերու վրայ: Այա Սոֆիա Տաճարը մզկիթի վերածելը, հոս ու հոն բանակ ուղարկելը, Միջերկրական Ծովի մէջ Յունաստանի հետ լարուածութեան ստեղծումը, Հայաստանի սահմանին Ատրպէյճանի հետ միատեղ զօրավարժութիւնները, այդ բոլորը ուղղուած են նոյն նպատակին՝ ժողովուրդի ուշադրութիւնը շեղելու տնտեսական դժուարութիւններէն:

Ճօ Պայտընի յայտարարութեան դարձեալ շրջանառութեան մէջ դնելը ու անոր շուրջ աղմուկ բարձրացնելը կու գան փաստելու որ, Թուրքիա մտահոգ է Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներով, երբ հարցախոյզերը կը նախատեսեն Պայտընի յաղթանակը: Յստակ է որ, Թուրքիոյ նախագահը կը նախընտրէ Սպիտակ Տան մէջ տեսնել իրեն բարեկամ Թրամփը, եւ ոչ թէ Ճօ Պայտընը, որ չի թաքցներ իր վերաբերմունքը՝ Թուրքիոյ բռնապետին նկատմամբ ու կը խոստանայ գործնական քայլերու դիմել՝ Էրտողանը աթոռէն հեռացնելու համար:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment