Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զօրավար Ռուբէն Սանամեանին Շնորհուած Է Ազգային Հերոսի Կոչում, եւ 199 Զինծառայողներու՝ Պետական Բարձր Պարգեւներ

Զօրավար Ռուբէն Սանամեանին Շնորհուած Է Ազգային Հերոսի Կոչում, եւ 199 Զինծառայողներու՝ Պետական Բարձր Պարգեւներ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահի Օգոստոս 18-ի հրամանագրով եւ վարչապետի միջնորդութեամբ, զօրավար Ռուբէն Սանամեան պարգեւատրուած է Հայրենիքի շքանշանով՝ արժանանալով Հայաստանի Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչումին:

«Զօրավար Սանամեանը, որպէս սպայ եւ հրամանատար, հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործում ցուցաբերել է բացառիկ արիութիւն, անձնուրացութիւն եւ խիզախութիւն», – ըսուած է նախագահականի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահի նոյն հրամանագիրով, Պաշտպանութեան նախարարութեան եւս 199 զինծառայողներ պարգեւատրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներով՝ «հայրենիքի սահմանները պաշտպանելիս դրսեւորած անձնուրացութեան, մարտական գործողութիւնների ընթացքում ցուցաբերած խիզախութեան եւ հմտութեան համար»:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տեղեկացուցած էր, որ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին ուղղած էր միջնորդութիւն մը, տաւուշեան մարտերուն աշխոյժ դերակատարներէն 16 զինծառայողներու «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի, 55 զինծառայողների՝ «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրելու մասին, իսկ զօրավար՝ Ռուբէն Սանամեանին, Ազգային հերոսի կոչման՝ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրելու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment