Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Կառավարութիւնը 25 Միլիոն Դրամ Յատկացուցած Է Լիբանանի Հայկական Համայնքին

Արցախի Կառավարութիւնը 25 Միլիոն Դրամ Յատկացուցած Է Լիբանանի Հայկական Համայնքին

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Արցախի Հանրապետութեան 2020 թուականի պետական պիւտճէի պահուստային ֆոնտի միջոցներէն 25 միլիոն ՀՀ դրամ յատկացուցած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով տուժած Լիբանանի հայկական համայնքին՝ որպէս ֆինանսական աջակցութիւն:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 9-ին, Արցախի կառավարութիւնը Լիբանանի հայկական գաղթօճախին յատուկ թռիչքով «Արցախի ժողովրդից Լիբանանին» մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր: Նոյն նպատակով՝ Հանրապետութեան նախագահի յանձնարարականով ստեղծուած է նաեւ յատուկ յանձնաժողով, որ կը համակարգէ այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment