Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 158-ով, Բուժուածներունը՝ 217-ով, Գրանցուած Է Մահուան 6 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 158-ով, Բուժուածներունը՝ 217-ով, Գրանցուած Է Մահուան 6 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 158-ով՝ հասնելով 42 447-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 6 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 217-ով եւ հասած 35 693-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1636 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 192 199-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հիւանդներու ամէնաերիտասարդը եղած է  51 տարեկան, իսկ ամենատարեցը՝ 85 տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով»:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 842-ի, եւս 253 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 5689 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment