Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2018-ի Ապրիլ-Մայիս Ամիսներու Իրադարձութիւնները Ամբողջական Գնահատական Կու Տան Սարգսեանի Կառավարման Ժամանակաշրջանին

2018-ի Ապրիլ-Մայիս Ամիսներու Իրադարձութիւնները Ամբողջական Գնահատական Կու Տան Սարգսեանի Կառավարման Ժամանակաշրջանին

by MassisPost

«Ցաւում եմ, որ հայ զինուորի յաղթական գործողութիւնները փառաբանելու փոխարէն Սերժ Սարգսեանը զբաղուած է այս կարեւոր որոշումը քննարկելու անհեռանկար գործով»։ Այսպէս արձագանգած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեանը, երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի հնչեցուցած հարցադրման, թէ յատկապէս որ սխրագործութեան համար նման բարձր շքանշաններ կը յատկացուին։

Փաշինեան ֆէյսպուքեան գրառումով տեղեկացուցած էր, որ Հանրապետութեան Նախագահին միջնորդած է տաւուշեան Մարտերու աշխոյժ դերակատարներէն 16 զինծառայողներու «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի եւ 55 զինծառայողներու՝ «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրման համար։ Իսկ կապիտան զօրավար՝ Ռուբէն Սանամեանին՝ Ազգային հերոսի կոչման՝ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրման։

«1994 թուականին կնքած հրադադարից յետոյ, երբ առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ի մի էր բերում նախորդ չորս տարիների ռազմական գործողութիւնները եւ դրանցում աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցողներին, այդ թուում Շուշիի եւ այլ օպերացիաներ գործողութիւններ, ընդամէնը երկու տասնեակ հոգի պարգեւատրուեցին «Մարտական խաչ» շքանշաններով», – ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր Սերժ Սարգսեանը:

Վարչապետի մամլոյ խօսնակը ըսած է, որ մօտ ապագային բոլոր զինծառայողներու գործողութիւնները մանրամասն կը ներկայացուին հանրութեան՝ շահարկումներէն խուսափելու համար. – «Անկեղծօրէն ես ցաւում եմ, որ հայ զինուորի յաղթական գործողութիւնների փառաբանման փոխարէն Սերժ Սարգսեանը զբաղուած է այդ կարեւոր որոշումը քննարկելու անհեռանկար գործով: Վարչապետը բոլոր հիմքերն ունէր նման միջնորդութեամբ Նախագահին դիմելու համար»:

Փաշինեանի խօսնակը ըսաւ, թէ Կապանի  մէջ վարչապետի կատարած յայտարարութիւններուն աւելացնելու ոչինիչ չունի: Ինչ կը վերաբերի Սերժ Սարգսեանի որակումներուն, Գէորգեանը արձագանքեց. – «խորհուրդ եմ տալիս Սերժ Սարգսեանին ծպտուած դուրս գալ Հայաստանի Հանրապետութեան ցանկացած բնակավայր, ցանկացած փողոց եւ կարծիք հարցնել քաղաքացիներից եւ’ Սերժ Սարգսեանի գործունէութեան, եւ’ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան մասին: Ի վերջոյ 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսների յայտնի իրադարձութիւններն իրենց ամբողջական գնահատականն են տալիս Սարգսեանի կառավարման ժամանակաշրջանին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment