Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակակիրներու Թիւի Նուազման Միտումը Կանգ Առած Է. Արսէն Թորոսեան

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակակիրներու Թիւի Նուազման Միտումը Կանգ Առած Է. Արսէն Թորոսեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակակիրներու թիւի նուազման միտումը կանգ առած է, այսօր՝ Օգոստոս 20-ի կառավարութեան նիստին յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարը։ Արսէն Թորոսեան կը կարծէ, որ կտրուկ անկումներ դժուար թէ տեղի ունենան, իրավիճակը կը շարունակուի կայուն մնալ։

«Հաշուի առնելով այն տնտեսական աշխուժութիւնը եւ ընդհանրապէս ազգաբնակչութեան շարժունակութիւնը, այդ թուում՝ Հայաստան վերադարձող քաղաքացիների թիւը, ես կարծում եմ, որ շատ դժուար է լինելու մեր օրական այսքան արձանագրուող դէպքերից աւելի ցածր դէպքեր ունենալը, եթէ իմ ասած իրավիճակը պահպանուի», – նշեց Թորոսեան:

Կայունութիւնը յարաբերական է, արձագանքեց վարչապետը: Անիկա ցանկացած րոպէ կրնայ վերափոխուիլ անկայունութեան։ Փաշինեան ըսաւ, որ հանրութիւնը աւելորդ ոգեւորութեամբ կ’արձագանգէ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւերու նախընթաց անկման։

«Միջին օրական թուերն աւելի քան կրկնակի Յուլիսի հետ համեմատած նուազել են, բայց եթէ մենք ճիշդ չարձագանգենք իրավիճակին, մենք արագ կը վերադառնանք էլի Յուլիսեան իրավիճակին», – ընդգծեց վարչապետը:

Երէկ կատարուած 1993 հետազօտութենէն «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած  է 263 քաղաքացիի մօտ։ Առողջապահութեան նախարարին խօսքով՝ հիմա հիւանդանոցներու ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւ ու կառավարելի է։ Որեւէ մէկը առանց բուժօգնութեան չի մնար, սակայն քաղաքացիները պէտք է ջանք գործադրեն, որ չվարակուին, ըսաւ վարչապետը։

Վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ ոստիկանութիւնը պէտք է շատ աշխուժօրէն ջանք գործադրէ, որպէսզի դիմակ դնելու կանոնները չպահպանողները պատասխանատուութեան ենթարկուին։

«Իմ տպաւորութիւնն այն է, որ մենք անհատական պատասխանատուութեան մակարդակում մեր զգօնութիւնը պահանջուածից եւ իրատեսականից մի փոքր աւելի ենք թուլացրել», – ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Վերջին օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի 3 մահ գրանցուած է։ Առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացածներէն ամենաերիտասարդը՝ 55, իսկ ամենատարեցը 81 տարեկան էր, անոնք քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցած են։ Նախորդ օր արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։

Գործադիրի այսօրուայ նիստին հաւանութիւն տրուեցաւ Ասիական զարգացման դրամատունէն Հայաստանին 2 միլիոն տոլար դրամաշնորհի տրամադրման, ան կ’ուղղուի բժշկական պարագաներու ու սարքերու ձեռքբերման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment