Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Բաց Հասարակութեան Հիմնադրամներ – Հայաստան»-ը Կոչ Կ’ընէ Էթիկայի Բարոյական Յանձնաժողով Ստեղծելու ԱԺ Փոխխօսնակի Յայտարարութիւններու Առնչութեամբ

«Բաց Հասարակութեան Հիմնադրամներ – Հայաստան»-ը Կոչ Կ’ընէ Էթիկայի Բարոյական Յանձնաժողով Ստեղծելու ԱԺ Փոխխօսնակի Յայտարարութիւններու Առնչութեամբ

by MassisPost

«Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ – Հայաստան»-ը կը յորդորէ ստեղծել Ազգային ժողովի Բարոյական յանձնաժողով եւ քննել Աժ փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի կատարած յայտարարութիւնները, արդեօք ան թոյլ չէ՞ տուած բարոյական կանոններու խախտումի իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին, «թէ՛ լեզուական դրսեւորումներով, թէ՛ արտայայտած բովանդակութեամբ»։

Այդ առնչութեամբ Ալեն Սիմոնեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ. – «Կարծում եմ եւ պնդում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւիցէ արտաքին միջամտութեան պարագայում ստանալու է շատ բիրտ պատասխան: Վիրաւորանքի պարագայում, ես կարծում եմ՝ ճիշդ կը լինի, որ Ճորճ Սորոսը, որը որ ենթադրաբար վիրաւորուել է եւ իր գրասենեակի միջոցով տարածել է նման յայտարարութիւն, դիմի դատարան հայցով իմ դէմ»:

«Հրապարակ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Սիմոնեան պատասխանած էր այն հարցին, թէ ինչո՞ւ «Իմ քայլ»-ը կը մեղադրեն Սորոսի հիմանդրամի հետ կապ ունենալու մէջ: Ան Ճորճ Սորոսը անուանած էր «կիսամեռ բիձուկ թզզուկ», ապա նշած որ «Հայաստանի վրայ ազդեցութիւն ունի միայն ՀՀ քաղաքացին»։

«Այո, իմ մօտ տպաւորութիւն է ստեղծուել, որ որոշ մեր, այսպէս ասած, ընդդիմախօսների մօտ տպաւորութիւն կայ, որ իրօք որեւիցէ գրասենեակ կարող է ազդեցութիւն ունենալ, որը սին տպաւորութիւն է, եւ իւրաքանչիւր յարմար առիթով ցոյց է տրուելու այդ, այսպէս ասած, կարծիքի սին լինելը», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընդգծեց Ալեն Սիմոնեան:

«Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ – Հայաստան»-ի գործադիր տնօրէն Լարիսա Մինասեան հակադարձած է, թէ զինք կը մտահոգէ, որ Հայաստանի օրինական խորհրդարանի մեծամասնութեան ներկայացուցիչը նման բառապաշարով կը խօսի եւ նման դիրքորոշում կը յայտնէ կազմակերպութեան մը մասին, որ 1997 թուականէն ի վեր կ’աջակցի Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կայացման գործընթացին։

Վերջին մէկուկէս տարիներուն, իշխանութիւնը ու քորոփցիոն հնարաւորութիւնները կորսնցուցած տարբեր ուժեր աննախադէպ տեղեկատուական արշաւ սկսած են «Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ»-ու դէմ, ըսած է Լարիսա Մինասեան, շարունակելով, որ իր կարծիքով՝ այդ արշաւը իրականութեան մէջ ուղղուած է «Իմ քայլ»-ին դէմ։ «Սեփական հեռուստաալիքների եթերից նրանք ջանքեր են գործադրում համոզելու մարդկանց, թէ յեղափոխութիւնը իրականում դրսի ուժեր են արել՝ այդպիսով փորձելով նուազեցնել Կառավարութեան հանդէպ հանրային վստահութեան մակարդակը», – ըսած է «Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ – Հայաստան»-ի տնօրէնը:

Արդեօք նկատի ունի, որ ԱԺ փոխնագահ Ալեն Սիմոնեան ջո՞ւր կը լեցնէ նախկին իշխանութիւններու ջրաղացին, «Ազատութիւն»-ը հետաքրքրուեցաւ հարցնելով Մինասեանին։ Ան ըսաւ՝ այդ հարցը եւս պէտք է քննէ Բարոյական յանձնաժողովը։

Իսկ Ալեն Սիմոնեան, կը համարէ, որ Լարիսա Մինասեան չի կրնար որոշել, թէ ինչ թեմայով լսումներ պիտի կատարէ այդ յանձնաժողովը։ «Պատասխանատու ենք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների առջեւ՝ նրանք են որոշելու, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները ինչի մասին քննարկում անեն եւ ինչ օրակարգով քաղաքական հանդէս գան: Այս մտքի հետ պէտք է համակերպուեն, եւ մեծ տառերով թող գրեն իրենց բոլոր գրասենեակների պատերին», – ընդգծեց խորհրդարանի փոխխօսնակը:

Ազգային ժողովը այժմ արձակուրդի մէջ է: Մինչ այդ, Լարիսա Մինասեան զարմանք ու մտահոգութիւն յայտնած է, թէ ինչպէ՞ս իր կողմէն ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցին ուղղուած նամակը հանրայնօրէն հրապարակուեցաւ  ու յայտնուեցաւ լրատուամիջոցներու էջերուն վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment