Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ Կը Յայտարարէ 2020-2021 Տարեշրջանի Կրթանպաստները

ՀԿԲՄ Կը Յայտարարէ 2020-2021 Տարեշրջանի Կրթանպաստները

by MassisPost

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթանպաստներու Յանձնախումբը ուրախ է յայտարարելու 2020-2021 տարեշրջանի Կրթանպաստներու արժանացող ուսանողներու ցանկը:

ՀԿԲՄ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղը ամէն տարի կրթանպաստ կը յատկացնէ Ամերիկայի տարածքին 4-ամեայ համալսարաններ յաճախող Հայ ուսանողներու: Յանձնախումբս այս տարի ստացած էր մեծ թիւով դիմումնագիրեր`  բարձր որակեալ ուսանողներու կողմէ: Անոնց մէջէն արժանիները զատելու դժուարին, սակայն հաճելի պարտականութեան առջեւ գտնուելով, որոշեցինք փոխան 5-ի,  պարգեւատրել  6 ուսանողներ` իւրաքանչիւրը 1500 տոլարի, գնահատելով անոնց ուսանողական գերազանց կարողութիւնները եւ մասնակցութիւնը մեր ազգային կեանքին:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառաւ  այս տարի պարգեւներու բաշխումի ընդունելութիւնը պիտի փոխարինուի առցանց միջոցառումով: «Շատ ուրախ ենք որ, առիթը ունեցանք ծանօթանալու խոստմնալից եւ բարձր կարողութիւններով օժտուած Հայ ուսանողներու` Ամերիկայի ամէն կողմերէն»,- այս կապակցութեամբ յայտարարեց  Յանձնախումբի ատենապետ Վազգէն Խոտանեան, աւելցնելով.- «Մենք հպարտ ենք անոնց նուաճումներով եւ համայնքէն ներս իրենց գործունէութեամբ: Բոլորին կը մաղթենք ուսումնական շարունակական յաջողութիւն, փայլուն ապագայ կեանքի ասպարէզներէն ներս»:

2020-2021 Տարեշրջանի Կրթանպաստներուն տիրացող ուսանողներն են.-

 ՍԵՐԱ ԱՅՆԹԷՊԼԵԱՆ – Փասատինա, Քալիֆորնիա
Սերա Այնթապլեան երկարամեայ անդամ է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄ-ի սկաուտական կազմին, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբին եւ համայնքէն ներս այլ կազմակերպութիւններու: Ան Հայերէն լեզու կը դասաւանդէ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն: Մասնակցած է Ֆրեզնոյի միակ հայկական դպրոցին հայերէն գիրքեր հաւաքելու արշաւին` նուիրելով աւելի քան 300 հրատարակութիւն:

Սերա պիտի յաճախէ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ Համալսարանը (UCLA), ուսանելով միկրօ կենսաբանութիւն եւ պատուաստագիտութիւն:

ԱՐՄԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ – Կլէնտէլ, Քալիֆորնիա
Արմէն Ղազարեան ծնած է Հայաստան, ուր ներգրաւուած է արեան քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու օգնութեան ծրագիրներուն մէջ: Դասաւանդած է Նուպարաշէնի գիշերօթիկ դպրոցի եւ Տիգրանաշէնի համայնքային դպրոցի ուսանողներուն, որոնք կ’ապրին Ատրպէյճանի սահմանի վրայ գտնուող շրջանին մէջ: 2016-ին սկսած է յաճախել UCLA համալսարանը, ուր առաջին եռամսեակի աւարտին զինուորակոչուած է Հայոց Բանակ: Աւարտելէ ետք իր ծառայութիւնը, Արմէն այժմ կը վերադառնայ նոյն համալսարանը` շարունակելու իր ուսումը տնտեսագիտութեան եւ վիճակագրութեան ճիւղերուն մէջ:

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԱ ԳԱՍՓԱՐԵԱՆ –  Իսթ Ուիլլիսթըն, Նիւ Եորք
Ալեքսանտրա Գասփարեան կը յաճախէ Ամերիկայի արեւելեան ափի Լաֆայէթ համալսարանը, ու կ’ուսանի կենսաբանութիւն, նպատակ ունենալով դառնալ մանկաբուժութեան բուժքոյր:

Ալեքսանտրա անդամակցած է Հայկական բազմաթիւ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն` ՀԵԴ, Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Միութիւն, Քէմփ Հայաստան եւ մաս կազմած է իր եկեղեցւոյ պասքեթպոլի խումբին: Ան գործունեայ է իր համալսարանի բազմաթիւ կազմակերպութիւններէն ներս եւ ամէնէն կարեւորը` հիմնադիրն ու նախագահն է Լաֆայէթ համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութեան:

ՏԱՆԻԷԼԼ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ – Ալթատինա, Քալիֆորնիա
Տանիէլլ Քիւրքճեան կը յաճախէ Սան Տիէկոյի համալսարանը ու կը մասնագիտանայ սնուցումի ծրագրաւորման մէջ: Պսակաւոր վկայականը ստանալէ ետք, պիտի շարունակէ մագիստրոսի աստիճան ձեռք ձգելու համար:

Տանիէլլ մաս կազմած է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, Հայկական մշակոյթը տարածելու եւ հանգանակութիւններ կազմակերպելու կարօտեալներուն: Ան նաեւ կամաւոր աշխատած է, օգտակար ըլլալու անտուն դարձած Ամերիկացիներուն: Մաս կազմած է Սէն Տիէկոյի Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութեան, օգտակար ըլլալու համար Հայ ուսանողներուն`  հասնելու իրենց նպատակներուն եւ իրար միջեւ ընկերային ցանց ստեղծելու, որպէսզի յարաբերութիւններ ստեղծուին եւ զիրար օգնեն կեանքի ասպարէզներուն մէջ:

ԷՏԿԱՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ – Կլէնտէլ, Քալիֆորնիա
Էտկար Սահակեան պիտի սկսի յաճախել Քալիֆորնիոյ Համալսարանը մասնագիտանալու համար կենսաբանութեան մէջ, միաժամանակ հետեւելով հայագիտութեան դասընթացքներուն:

Կանուխ տարիքէն կորսնցնելով իր հայրը, Էտկար կեդրոնացած է իր ուսումին վրայ եւ ուժ գտած է մասնակցելու համայնքային կեանքին ու արուեստներու կատարողութեան մէջ: Կամաւոր աշխատած է Լարք Երաժշտութեան Ընկերակցութեան գծով: Էտկար գնահատուած է Կլէնտէլի Ուսումնական Խորհուրդին եւ հանրային վարժարաններու Հայ Ուսանողական Յանձնախումբին կողմէ: Ան արժանացած է Մայքըլ Ֆ. Էսքալանթէ եւ Գլխաւոր Ուսանողի մրցանակներուն:

ՄԱՐՔ ԹՈՓՈՒԶԵԱՆ – Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա
Մարք Թոփուզեան կը յաճախէ UCLA համալսարանը, ուր կ’ուսանի կենսաբանութիւն, շարունակելու համար բժշկութեան ճիւղին մէջ: Մարք փոքր տարիքէն մասնակից եղած է բազմաթիւ ծրագիրներու մէջ, օգտակար ըլլալով շրջանի հայութեան եւ տեղական համայնքին: Ան ծառայած է Ֆրեզնոյի Առեւտուրի Պալատի կրտսերներու յանձնախումբին մէջ, հոն սորվելով գործարարութիւն եւ տեղական քաղաքականութիւն: Ընտանիքին հետ Հայաստան այցի ընթացքին Մարք մասնակցած է բարերար աշխատանքներու, օգտակար ըլլալով աղքատ գիւղացիներու եւ Վարդանանց Ասպետներու միջոցաւ մասնակցած է բնակարանի կառուցման ծրագիրին: Ան մարզական տարազներ հայթայթած է Տարբնիկ գիւղին, օգտագործելով Ֆրեզնոյի Farmer’s Market-ի միջոցաւ ապահոված իր եկամուտը: Մարք արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment