Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Թուրք Լեռնագնացները Արարատ Լեռը Աղբավայրի Վերածած են

Թուրք Լեռնագնացները Արարատ Լեռը Աղբավայրի Վերածած են

by MassisPost

Թուրք լեռնագնացները Արարատ լեռը վերածած են աղբավայրի: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ այս մասին յայտնած է թրքական Սապահը:

Թուրք օգտատէրերէն մէկը համացանցով տեսանիւթ հրապարակած է, ուր սնունդի եւ կենցաղային աղբի մեծ քանակութեամբ մնացորդներ կ’երեւին Արարատ լերան վրայ` 4200 մ. բարձրութեան հատուածին մէջ:

Սապահի յօդուածագիրը նշած է, որ անոնք, որոնք աղբի կոյտեր կը ձգեն լողափերուն եւ պտոյտի վայրերուն մէջ, կ’անուանուին տգէտ, իսկ Արարատ լեռը բարձրացող անձեր արհեստավարժ լեռնագնացներ են։ «Վայ մեզի, եթէ նոյնիսկ լեռնագնացները կ’աղտոտեն բնութիւնը»,- նշած է յօդուածագիրը:

Լրատուամիջոցը նշած է նաեւ, որ աղտոտուած հատուածը կը գտնուի 4200 մեթր բարձրութեան վրայ եւ քաղաքապետարանը չի կրնար մաքրել զայն: Յօդուածագիրը աւելցուցած է, որ պէտք չէ դժուար ըլլայ լեռնէն իջած ատեն իջեցնել նաեւ հիւթի դատարկ շիշը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment