Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն․ «Էրտողանը Հարկաւոր Է Պարտութեան Մատնել Ոչ Թէ Յեղաշրջումի, Այլ Ընտրութիւններու Միջոցով»

Պայտըն․ «Էրտողանը Հարկաւոր Է Պարտութեան Մատնել Ոչ Թէ Յեղաշրջումի, Այլ Ընտրութիւններու Միջոցով»

by MassisPost

Թրքական իշխանութիւնները եւ ընդդիմութիւնը միահամուռ կերպով կը քննադատեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխ նախագահ, Նոյեմբեր 3-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու՝ Ճոզէֆ Պայտընի՝ Թուրքիոյ վերաբերող յայտարարութիւնները, որոնցմով Պայտըն խստօրէն կը քննադատէ նախագահ Էրտողանը, պնդելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է աջակցի թրքական ընդդիմութեան։

Ուշագրաւ է, ի դէպ, որ Պայտընի այս յայտարարութիւնները հնչած են աւելի քան ութ ամիս առաջ՝ 2019-ի Դեկտեմբերին New York Times-ի խմբագրակազմի հետ հանդիպման ժամանակ։ Ինչ-ինչ պատճառներով, սակայն, Պայտընի՝ Թուրքիոյ վերաբերող յայտարարութիւնները համացանցով սկսան շրջանառուիլ հանգստեան օրերուն։

«Մենք այժմ պէտք է Էրտողանի նկատմամբ միանգամայն այլ մօտեցում որդեգրենք։ Հարկաւոր է յստակացնել, որ ընդդիմութեան առաջնորդները կը վայելեն մեր աջակցութիւնը», – յայտարարած էր Պայտընը` նշելով, որ ժամանակին այս քաղաքականութիւնը ինքզինք արդարացուցած է, երբ նախորդ ամերիկեան վարչակազմը յաջողած էր նպաստել քիւրտերու միաձուլմանը Թուրքիոյ քաղաքական համակարգին մէջ։

Պայտընի պնդումով` Ուաշինկթընի վերջնական նպատակը պէտք է ըլլայ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պարտութիւնը ընտրութիւններուն։ «Ան պէտք է յստակ գին վճարէ։ Մենք պէտք է ուղղակի շփումներ ունենանք թրքական վերնախաւի որոշ շրջանակներու հետ։ Ճիշդ ինչ որ ես կ’ընէի նախապէս։ Մենք պէտք է քաջալերենք այդ մարդոց, որպէսզի անոնք Էրտողանը պարտութեան մատնեն։ Եւ այդ պէտք է տեղի ունենայ ոչ թէ յեղաշրջումի, այլ ընտրական գործընթացներու միջոցով», – յայտարարած էր Պայտըն։

Դեմոկրատ գործիչի խօսքով` պաշտօնական Անգարայի վերջին տարիներու գործողութիւնները, մասնաւորաբար Ռուսաստանի հետ ռազմաքաղաքական խորացող համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիա գտնուող ամերիկեան ռազմական օդակայաններու ճակատագիրը զինք լրջօրէն կը մտահոգեն։

Թրքական կողմի պատասխանը Պայտընի այս յայտարարութիւններուն չուշացաւ։ Նախագահ Էրտողանի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար՝ Ֆահրեթթին Ալթունը Twitter-ի իր օգտահաշիւին վրայ գրած է. «ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածուի այս յայտարարութիւնները Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու ուղղուած քայլերու յստակ արտացոլումն են։ Անոնք կը հակասեն Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակին»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն Պայտընի յայտարարութիւններուն անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ կայացած բանակցութիւններու աւարտին։ «Այս անգրագէտ յայտարարութիւն մըն է, որ իր բնոյթով կը հատէ թոյլատրելի բոլոր սահմանները։ Այս յայտարարութիւնը կը վկայէ թուրք ժողովուրդի վատ իմացութեան մասին։ Բնական է, որ մեր երկրին մէջ կրնայ նաեւ վէճեր եւ անհամաձայնութիւններ ըլլալ, սակայն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական եւ թափանցիկ ընտրութիւններ կը կազմակերպուին։ Մեր ժողովուրդը կ’որոշէ, թէ ով նախագահ պիտի ընտրուի, եւ ով պիտի ղեկավարէ կառավարութիւնը», – յայտարարած էր Չաւուշօղլուն։

Պայտընի յայտարարութիւնները, ի դէպ, այն եզակի դէպքն էին, երբ թրքական իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը միակարծիք էին, պնդելով, որ նոյնիսկ աշխարհի ամենահզօր պետութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն։

«Մենք կը մերժենք կայսերական գերիշխանութեան նոյնիսկ ստուերը», – յայտարարած էր Թուրքիոյ առաջատար ընդդիմադիր քաղաքական ուժի՝ Ժողովրդա-Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment