Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանը Հիմա Ալ Արեւելեան Միջերկրականի Մասին Կարծիք Յայտնելով Չափը Կ’անցնի». Թուրքիոյ ԱԳՆ

«Հայաստանը Հիմա Ալ Արեւելեան Միջերկրականի Մասին Կարծիք Յայտնելով Չափը Կ’անցնի». Թուրքիոյ ԱԳՆ

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանն ու Անգարան կը շարունակեն փոխադարձ մեղադրանքներ ուղղել իրարու հասցէին տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան՝ Արեւելեան Միջերկրական տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու շուրջ շաբաթ օր տարածած յայտարարութեան, զգուշացուցած է, թէ Հայաստանը չափը անցուցած է, իր աշխարհագրութենէն դուրս գտնուող հարցերու վերաբերեալ կարծիք յայտնելու յաւակնութիւն ցուցաբերելով:

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան խօսնակ՝ Համի Աքսոյը յայտարարած է, թէ «Հայաստանը կարծես իր աշխարհագրական դիրքի մասին թիւր պատկերացում ունի. խօսքը ոչ թէ Սեւանայ լիճի, այլ Արեւելեան Միջերկրականի մասին է»: Յիշեցնելով Սեւրի պայմանագրի 100-ամեակի վերաբերեալ պաշտօնական Երեւանէն հնչած վերջին յայտարարութիւնը՝ Աքսոյը ընդգծած է, որ «Հայաստանը հիմա ալ Արեւելեան Միջերկրականի մասին կարծիք յայտնելով չափը կ’անցնի եւ անպատասխանատու կեցուածք կը դրսեւորէ»:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէ  ու Ֆրանսայէ յետոյ, դէպի ծով ելք չունեցող Հայաստանը ինքզինքին իրաւունք կը վերապահէ տարածաշրջանին մէջ խօսք ըսելու: Այս ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիոյ դէմ ձեւաւորուող նենգ դաշինքը ինչ մաշտապներ ունի», – ըսած է Աքսոյը։

Ան շեշտած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ վճռականօրէն պաշտպանել իր եւ Կիպրոսի թուրքերու իրաւունքները Արեւելեան Միջերկրականին մէջ, եւ ոչ մէկ դաշինք ի զօրու չէ խանգարելու այդ: Իր համոզումով, «հակառակ կարծիք ունեցողները պատմութենէն դասեր չեն քաղած»։

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակը առիթը չէ փախցուցած յիշեցնելու՝ «Մենք մեր ողջ կարողութեամբ կանգնած ենք եղբայրական Ատրպէյճանի կողքին»:

Շաբաթ օր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ ուշադիր կը հետեւին Թուրքիոյ ապօրինի եւ սադրիչ գործողութիւններուն հետեւանքով Էկէեան եւ Արեւելեան Միջերկրական տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն եւ նաւատորմային զօրահաւաքին: Թուրքիոյ եւ Յունաստանի յարաբերութիւնները սկսան սրուիլ, երբ թրքական նաւերը Յունաստանի հետ վիճելի Միջերկրական ծովի ջուրերուն մէջ սէյսմիք հետազօտութիւններ սկսան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment