Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատելութեան Քարոզ Հայերու Դէմ. Մարդասպանութեան Կոչ Ընկերային Ցանցերու Միջոցաւ

Ատելութեան Քարոզ Հայերու Դէմ. Մարդասպանութեան Կոչ Ընկերային Ցանցերու Միջոցաւ

by MassisPost

Ատելութիւ­­նը, նող­­կանքը փո­­ղոց­­նե­­­րէն կ՚իջ­­նէ դէ­­պի ըն­­կե­­­րային ցան­­ցեր։ Յու­­լիս ամ­­սո­­­ւայ մէջ Հա­­յաս­­տան- Ատրպէյ­­ճան սահ­­մա­­­նի վրայ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած զի­­նեալ բա­­խումնե­­րէ ետք աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու մէջ Ատրպէյ­­ճա­­­նական սփիւռքը բո­­ղոքի ցոյ­­ցեր կազ­­մա­­­կեր­­պեց հա­­յոց դէմ։ Այդ ցոյ­­ցե­­­րու կազ­­մա­­­կերպման մէջ դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­ցան տեղ­­ւոյն Ատրպէյ­­ճա­­­նի դես­­պա­­­նու­­թիւննե­­րը։ Այժմ Թուրքիոյ մէջ ալ կը նկա­­տուի հա­­յերու դէմ ատե­­լու­­թիւն քա­­րոզող տե­­սանիւ­­թե­­­րու աճ մը։ Ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու մի­­ջոցաւ տա­­րածուող այդ տե­­սանիւ­­թե­­­րը մար­­դասպա­­նու­­թեան կո­­չեր կ՚ընեն հա­­սարա­­կու­­թեան։ Թուրքիա որ վեր­­ջերս յա­­ճախա­­կի կեր­­պով օրա­­կար­­գի կը բե­­րէ ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու այս տե­­սակի հա­­ղոր­­դումնե­­րու ան­­պա­­­տեհու­­թիւննե­­րը ընդհան­­րա­­­պէս լուռ կը մնայ հա­­յոց ուղղեալ նմա­­նաբ­­նոյթ հրա­­պարա­­կումնե­­րու դի­­մաց։ «Եու­­թուպ»ի կայ­­քի վրայ տեղ գտած վի­­տեօ մը ու­­շագրաւ էր մար­­դասպա­­նու­­թեան կո­­չերով։ Կա­­տաղած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով նկա­­րահա­­նուած ան­­ձը կը դժգո­­հէր խա­­չապաշտնե­­րու աշ­­խարհաս­­փիւռ զօ­­րակ­­ցութեան դի­­մաց։ Հարց կու տայ թէ երբ ամե­­նու­­րէք մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու արիւն կը հո­­սի մենք ին­­չո՞ւ հա­­մար մեր երկրին մէջ կ՚ար­­տօ­­­նենք որ հա­­յեր գան, աշ­­խա­­­տանք ճա­­րեն եւ այսպէ­­սով ալ նպաս­­տեն իրենց երկրի տնտե­­սու­­թեան զար­­գացման։ Յայտնի է, որ խօ­­սողը չի գի­­տեր թէ մահ­­մե­­­տակա­­նի արիւն թա­­փող­­նե­­­րը նոյն ինքն մահ­­մե­­­տական­­ներն են եւ նաեւ չի գի­­տեր թէ հա­­յը պատ­­մութեան բո­­լոր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն իր աշ­­խա­­­տելու եւ արա­­րելու շնոր­­հով է, որ կը գո­­յատե­­ւէ այս աշ­­խարհի մէջ։

Վեր­­ջա­­­պէս այս հրա­­պարա­­կու­­մը լուրջի առ­­նե­­­լով դի­­տմումներ կա­­տարուած են Թուրքիոյ դա­­տարան­­նե­­­րուն եւ բո­­ղոք­­ներ ներ­­կա­­­յացո­­ւած։ Այ­­սօ­­­րուայ դա­­տական հա­­մակար­­գով թէեւ շատ լուրջ նշա­­նակու­­թիւն պի­­տի չու­­նե­­­նան այս բնոյ­­թի դի­­մումնե­­րը սա­­կայն նաեւ անհրա­­ժեշ­­տութիւն է յա­­նուն հրա­­պարա­­կը ամ­­բողջո­­վին դա­­տարկ չթող­­նե­­­լու հա­­մար։

«ԱԿՕՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment