Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 276-ով, Բուժուածներունը` 267-ով, Գրանցուած Է Մահուան 5 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 276-ով, Բուժուածներունը` 267-ով, Գրանցուած Է Մահուան 5 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 276-ով՝ հասնելով 41 299-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 5 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Օգոստոս 14-ին կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 267-ով եւ հասած 34 164-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ երէկ կատարուած է 1465 հետազօտութիւն, ընդհանուր առմամբ մինչ այժմ կատարուած  է 181 962 հետազօտութիւն:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 814-ի: Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հիւանդներուն ամենաերիտասարդը 69 եւ ամենատարեցը 83 տարեկան եղած են: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 239 է:

Այսպիսով, Covid-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 6 082 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment