Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 229-ով, Բուժուածներունը` 405-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 229-ով, Բուժուածներունը` 405-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 229-ով՝ հասնելով 41 023-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Օգոստոս 13-ին, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 405-ով եւ հասած 33 897-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ երէկ կատարուած է 1465 հետազօտութիւն, ընդհանուր առմամբ մինչ այժմ կատարուած է 180 497 հետազօտութիւն:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 809-ի: Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հիւանդները եղած են 68 – 88 տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

 

Նախորդ օր արձանագրուած է մահուան 4 դէպք, երբ հիւանդներու մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 238 է:

 

Այսպիսով, Covid-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 6 079 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment