Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Սեպտեմբեր 11, Որոշ Սահմանափակումներ Հանուեցան

Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Սեպտեմբեր 11, Որոշ Սահմանափակումներ Հանուեցան

by MassisPost

Չնայած «Քորոնա» ժահրի նոր դէպքերու նուազումին, կառավարութիւնը այսօր՝ Օգոստոս 12-ին, որոշեց 5-րդ, սակայն թերեւս վերջին անգամ եւս մէկ ամիսով երկարաձգել արտակարգ դրութիւնը՝ մինչեւ Սեպտեմբեր 11-ի ժամը 17:00-ին։

Գործադիրի նիստի ընթացքին, արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան ներկայացուց արտակարգ դրութեան նոր կանոնները. որոշ սահմանափակումներ կը հանուին եւ կը մեղմացուին։ Մասնաւորապէս, այսուհետեւ կը թոյլատրուին հաւաքներ ու գործադուլներ կատարել, սակայն պարտադիր դիմակներով ու ընկերային հեռաւորութեան պահպանման պայմանով, կը վերացուի ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու Հայաստան մուտքի արգելքը, սակայն երկշաբաթեայ ինքնամեկուսացման պայմանով։ Միեւնոյն ժամանակ հնարաւոր է այդ երկու շաբթուայ ընթացքին  քննութիւն յանձնել ու բացասականի պարագային դուրս ելլել ինքնամեկուսացումէն։ Կը մեղմացուի նաեւ ընտանեկան միջոցառումներու սահմանափակումը. թէ՛ բաց, թէ՛ փակ տարածքներուն մէջ կարելի է կատարել միջոցառումներ, սակայն մինչեւ 40 մարդու մասնակցութեամբ:

«Վերացուել է մաքսային սահմանով ապրանքների փոխադրման սահմանափակումներ կիրառելու հնարաւորութիւնը, վարակակիրներու յայտնաբերման եւ ինքնամեկուսացման նպատակով ելեկտրոնային հսկողութեան կարգում յստակացուել է միայն վարակակիրների, հաղորդակիցների եւ ինքնամեկուսացուած անձանց մասով համապատասխան տուեալներ ստանալու հնարաւորութիւնը ոչ աւելի, քան 14-օրեայ ժամկէտի կտրուածքով», – նշեց Պատասեանը:

Պարէտատունը վերանայած է շարք մը վայրերու մէջ դիմակ պարտադիր կրելու պահանջը։ Դիմակի կրումը կը շարունակուի մնալ պարտադիր, սակայն կը վերանայուին բացօթեայ տարածքի մէջ դիմակ կրելու պահանջները։ Հանրային փոխադրամիջոցին եւ թաքսիներուն մէջ պարտադիր է դիմակի կրումը, սակայն անձնական ինքնաշարժներուն մէջ արդէն ուրբաթ օրուընէ՝ Օգոստոս 14-էն, դիմակ կարելի է չկրել։ Առաջիկայ օրերուն պարէտը կը հրապարակէ ուղեցոյցը։

Հարցուպատասխանի ժամանակ, ընդդիմադիր՝ «Լուսաւոր Հայաստան»էն Հրանդ Այվազեան դիտարկեց թէ ոստիկանները շատ յաճախ կը չարաշահեն լիազօրութիւնները եւ օգտուելով առիթէն, որ մարդը քանի մը վայրկեանով իջեցուցած է դիմակը, կը տուգանեն մարդոց: – «Մարդկանց մօտ տպաւորութիւն է, որ ոստիկանութեան վրայ ծրագիր դրուած է, որ յստակ այսքան մարդ պէտք է տուգանուի»:

«Եթէ անձը կրում է դիմակ պատշաճ կերպով, հրահանգ լինի, հրահանգ չլինի, նրան հնարաւոր չէ տուգանել», – արձագանգեց Տիգրան Աւինեան:

covid-08-12

Ի դէպ, այսօր աւելի վաղ, կառավարութեան նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ոստիականութեան կոշտ աշխատանքը դիմակներու պատշաճ կրման հետեւելու գործով, ընգծելով` «եթէ չգնահատենք այս վիճակը, կը գլորուենք Յուլիսի վիճակին»: «Գիտեմ, որ կան դժգոհութիւններ, որ քաղաքացիները տուգանուում են, այո, եւ դրա համար կայ շատ պարզ ձեւ՝ կրել դիմակ եւ չտուգանուել: Այն ժամանակ ասում էինք՝ կրիր դիմակ, փրկիր կեանքեր, հիմա յոյս ունեմ մահերը կը զրոյանան եւ կ’ասենք՝ կրիր դիմակ եւ մի տուգանուիր», – ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը:

Թէպէտ Հայաստանը կը վերացնէ օդային սահմանները օտարերկրացիներուն  համար, այդուհանդերձ պարէտը ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր երկիր ինքը պիտի սահմանէ ճանապարհորդութեան կանոնները ՀՀ քաղաքացիներուն համար։ Ինչ կը վերաբերի հարեւան երկիրներուն, ապա ըստ Աւինեանին՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ ցամաքային սահմաններու բացման հարցի վերաբերեալ դեռեւս քննարկումներ չկան։

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը կը գտնէ, որ արտակարգ դրութեան երկարաձգումը վնաս պիտի հասցնէ երկրի բոլոր ոլորտներուն, ուստի արտակարգ դրութիւնը վերացնելու վերաբերեալ Էտմոն Մարուքեան նախագիծ ներկայացուց. – «Զուտ միայն այն հանգամանքը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն իրաւական առումով արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մէջ է, բազմաթիւ սահմանափակումների տեղիք է տալիս Հայաստանից դուրս եկող քաղաքացիների համար, Հայաստան եկող կանոնաւոր չուերթները չեն վերականգնուում այդ պատճառով, եւ դեռ հարց է, թէ բանակցութիւնների արդիւնքում այդ չուերթները կը վերականգնուեն, թէ ոչ: Ըստ մեզ` մի քանի սահմանափակումներ է, որ անհրաժեշտ է պահպանել»:

«Բարգաւաճ Հայաստանը» եւս դէմ հանդէս եկաւ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգելու կառավարութեան որոշման եւ միացաւ ԼՀԿ-ի նախաձեռնութեան։ Ամենամեծ ընդդիմադիր խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրապեան ամպիոնէն այդ մասին բարձրաձայնեց. – «Ինչո՞ւ նպատակայարմար չէ երկարացնել արտակարգ դրութիւնը, որովհետեւ այստեղ երեւի թէ 20 եւ աւելի հարց հնչեց այն մասին, թէ ինչու օրինակ` Եւրամիութեան տարբեր երկրներ չեն բացում Հայաստանի հետ օդային սահմանը: Դուք ասացիք, որ խնդիրը մեր մէջ չի, խնդիրն իրենց մէջ է, այո, միանշանակ, եթէ Հայաստանն այդ երկրներում նշուած է կարմիր մատիտով` որպէս SOS, որտեղ պարբերաբար հինգերորդ ամիսն է` երկարաձգուում է արտակարգ դրութիւնը, բնականաբար, այդ երկրների տրամաբանական հակազդեցութիւնը պիտի լինի Հայաստանի հետ չբացել օդային սահմանը»:

ԼՀԿ-ի «Արտակարգ դրութիւնը վերացնելու մասին» ԱԺ-ի որոշման նախագիծը չընդունուեցաւ՝ 68 դէմ, 22 կողմ ձայներու յարաբերակցութեամբ։

Պէտք է սորվինք ապրիլ Covid-19-ի պայմաններուն տակ, հակահամաճարակային կանոններն ալ դարձնենք կենսակերպ։ Այս է կառավարութեան դիրքորոշումը։ Եւ այդ պատճառով ալ աստիճանաբար կ’երթան կրթական հաստատութիւններու բացումին։ Վտանգներ այստեղ կան, վարչապետ Փաշինեանի կանխատեսումներով՝ անխուսափելիօրէն թիւի աճ տեղի պիտի ունենայ, ան յորդորեց կրկնապատկել զգօնութիւնը եւ անտեսել բոլոր դաւադրապաշտական զրոյցները:

Բուհերու վերաբացման մասին վերջնական որոշում կ’առնուի յառաջիկայ օրերուն։ Շուտով կ’իմանանք նաեւ, թէ ինչպէս պիտի աշխատին մշակութային հաստատութիւնները։ Նոյնը կը վերաբերի անհատ կատարողներուն։

«Մշակոյթն ու արուեստը թերեւս կ’օգնեն մի փոքր աւելի հեշտ յաղթահարել «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ընկերա-հոգեբանական կուտակուած լարուածութիւնը», – կը կարծէ պարէտը:

Վերջին մէկ օրուայ մէջ 1710 հետազօտութիւններէն «Քորոնա» ժահր հիւանդութիւնը հաստատուած է 201 մարդու՝ այսինքն ստուգուածներուն 12 տոկոսին մօտ։

Իւրաքանչիւր յաջորդ շաբաթ օրական արձանագրուած դէպքերու թիւը մօտաւորապէս 50-100-ով աւելի ցած է, քան նախորդ շաբաթ այդ օրը արձանագրուած դէպքերը, այսօր կառավարութեան նիստին ժամանակ ըսաւ առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան, ընդգծելով, թէ նպատակը 0 թիւին մօտենալը չէ։

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 201-ով՝ հասնելով 40 794-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն  մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Օգոստոս 12-ին, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 335-ով եւ հասած 33 492-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ երէկ կատարուած է 1710 հետազօտութիւն, ընդհանուր առմամբ՝ մինչ այժմ կատարուած է 179 032 հետազօտութիւն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment