Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 160-ով՝ հասնելով 40 593-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 7 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Այսօր՝ Օգոստոս 11-ին, կեդրոնի կայքին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 541-ով եւ հասած 33 157-ի:
Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ հիւանդները եղած են 67-86 տարեկան: Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ երէկ կատարուած է 968 հետազօտութիւն, ընդհանուր առմամբ մինչ այժմ կատարուած է 177 322 հետազօտութիւն:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 803-ի: Եւս 234 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 6 399 մարդ: